Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չորեքշաբթի Օրուան Երեսփոխանական Հանդիպում. «Լիբանանի Մէջ Ամէն Ինչ Կրնանք Հանդուրժել, Բացի Երկրին Միասնականութեան Խախտումէն» Շեշտեց Պըրրի

August 1, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանը պիտի մնայ բաժանումի կամ պառակտումի որեւէ փորձ արգիլող հզօր ամրոցը: «Լիբանանի մէջ ամէն ինչ կրնանք հանդուրժել, բացի երկրին միասնականութեան խախտումէն», հաստատեց ան:

Պըրրի շեշտեց, որ համայնքային եւ յարանուանական դրութիւններուն դէմ մղուող պայքարը համայնքային եւ յարանուանական տարբերութիւնները օգտագործելով չէ, որ կ՛ըլլայ, այլ` ներողամտութեամբ, երկխօսութեամբ եւ փոխըմբռնումով:

Ան դարձեալ զարմանք յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստերը չի գումարեր, հակառակ միջազգային հաստատութիւններուն եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած դրական վարուելակերպին, յատկապէս պետական ամավարկի վաւերացումէն եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ անոր ստորագրութենէն ետք:

Պըրրի նշեց, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապին 40 առ հարիւրը հետեւանք է երկրին մէջ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններուն:

Անդրադառնալով կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը լուծելու իմաստով որդեգրուած նախաձեռնութեան` Պըրրի յայտնեց, որ այդ իմաստով կան շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ է նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը: «Բայց եւ այնպէս բոլոր նախաձեռնութիւններուն յաջողութիւնը կախեալ է երկրին քաղաքական ուժերուն կողմէ անոր շուրջ գոյանալիք համախոհութենէն, որուն չգոյութեան պարագային նախաձեռնութիւնը ինքնաբերաբար կը ձախողի», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով սահմանադրութեան 95-րդ բանաձեւին մասին նախագահ Աունի յղած նամակին` հանդիպումին ներկայ երեսփոխանները շեշտեցին, որ այդ նամակը յղուած է, սակայն Պըրրի տակաւին չէ ստացած զայն, եւ այդ պատճառով է, որ այդ մասին մեկնաբանութիւն չէ կատարած: «Ամէն պարագայի, նամակներու յղումը հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն մաս կը կազմէ», նշեցին անոնք:

 

Նախորդը

«Ո՛վ Որ Երկրին Մէջ Հարցեր Կ՛ուզէ Ստեղծել, Իր Արարքներուն Պատասխանատուութիւնը Պիտի Ստանձնէ, Իսկ Ամէն Բան Իր Բնականոն Հունէն Շատ Աւելի Լաւ Վիճակի Մէջ Պիտի Յայտնուի» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ստորագրեց 2019-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.