Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Պելճիքայի Ալսթ Քաղաքի Աւագանիի Անդամներուն Եւ Քաղաքապետին Հետ

July 31, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ իր  նախաձեռնութեամբ, Արցախի Շահումեանի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելած է Պելճիքայի Ալսթ քաղաք:

Պատուիրակութիւնը Ալսթ քաղաքի աւագանիի անդամներուն կողմէ հրաւիրուած էր մասնակցելու տարեկան «Փիքքելինկ» փառատօնին (որ  Ֆլանտրիոյ շրջանի ամէնէն յայտնի միջազգային ֆոլքլորային փառատօնն է), ինչպէս նաեւ ներկայ ըլլալու 26-էն 29 յուլիսին քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մշակութային եւ մարզական ձեռնարկներուն:

Արցախի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Շահումեանի շրջանի վարչական կազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան եւ Քարվաճառի քաղաքապետ Սերկէյ Չիլինգարեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան եւ ծրագիրներու ղեկավար Աշխէն Ֆիքսովա:

Փառատօնի պաշտօնական բացման արարողութեան ժամանակ Ալսթի առաջին փոխքաղաքապետ Քարիմ վան Օվերմեյրէ, որ երկու անգամ այցելած է Արցախ, ողջունած է Արցախէն պատուիրակութեան ներկայութիւնը:

Արցախի պատուիրակութիւնը ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին` Ալսթի աւագանիի տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացնող անդամներուն հետ: 29 յուլիսին պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Ալսթի քաղաքապետ Քրիստոֆ Տըհազի կողմէ: Հանդիպումի ընթացքին  քննարկուած են շարք մը հարցեր արդիւնաւէտ կառավարման, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ փորձառութեան փոխանակման վերաբերեալ:

Շեշտելով Արցախի ժողովուրդին համար ապակեդրոնացած համագործակցութեան խիստ կարեւորութիւնը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշած է. «Արցախի համար այսպիսի յարաբերութիւններու ստեղծումը կարեւոր նշանակութիւն ունի Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած մեկուսացման քաղաքականութիւնը կասեցնելու եւ երկու հասարակութիւններուն միջեւ համագործակցութեան հիմք ստեղծելու համար: Մենք երախտապարտ ենք մեր ընկերներուն, որոնցմէ է Քարիմ վան Օվերմեյրէն, մեր հասարակութիւններուն միջեւ կամուրջ հանդիսանալու համար»:

Կարապետեան աւելցուցած է. «Մարդու իրաւունքները բոլորին համար նոյնն են` անկախ երկրի պաշտօնական կարգավիճակէն: Արցախի ժողովուրդին իրաւունքն է յարաբերութիւններ հաստատել միջազգային հանրութեան հետ եւ ինքզինք զգալ անոր լիարժէք անդամ»:

Այցելութիւնը հարուստ էր նաեւ մշակութային ձեռնարկներով: Փառատօնին մասնակցելէ բացի պատուիրակութեան անդամները առիթ ունեցած են ծանօթանալու Ալսթ քաղաքի պատմութեան, այցելելու քաղաքի պատմական վայրեր:

Երկու քաղաքներու ներկայացուցիչները մտադիր են ապագային  զարգացնել մշակութային համագործակցութիւնը:

Նախորդը

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Նախարար Փապլօ Ռոտրիկեզի Հետ

Յաջորդը

Աւստրալիոյ Դաշնային Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.