Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Դաշնային Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան

July 31, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 30 յուլիսին Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպերայի` Դաշնային խորհրդարանին մէջ, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան պատուին Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ երեսփոխաններ Թրենտ Զիմերմանի եւ Ժոել Ֆիտցկիպընի կողմէ կազմակերպուած է ընդունելութիւն: Ընդունելութեան մասնակցած են Դաշնային խորհրդարանի ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, որոնց կարգին` խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան ութ մնայուն յանձնախումբերու նախագահներ եւ նախարարներ:

Երեսփոխաններ Թրենտ Զիմերման եւ Ժոել Ֆիտցկիպըն ողջունած են Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անիկա հիմք ստեղծէ ապագային Աւստրալիոյ եւ Արցախի միջեւ կապերու խորացման, նաեւ` խորհրդարանական դիւանագիտութեան մակարդակով:

Պատասխան խօսքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան գոհունակութիւն յայտնած է Դաշնային խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ ներկայացուցած Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները` անդրադառնալով Արցախի միջազգային ճանաչման եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման հոլովոյթներուն մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն, ղարաբաղեան տագնապի պատմական ու իրաւական երեսներուն եւ տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ արցախեան կողմին դիրքորոշման:

Ընդունելութեան ընթացքին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձ կատարած են Արցախի եւ Աւստրալիոյ միջեւ տարբեր մակարդակներով համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւններուն:

Մայիլեան Հանդիպում Ունեցած Է Աւստրալիոյ Կանաչներու Կուսակցութեան Առաջնորդ Ռիչըրտ Տի Նաթալէի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 30 յուլիսին Աւստրալիոյ մայրաքաղաքի` երկրի Դաշնային խորհրդարանին մէջ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Աւստրալիոյ Ծերակոյտի անդամ, Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութեան առաջնորդ Ռիչըրտ Տի Նաթալէի հետ:

Մասիս Մայիլեան բարձր գնահատած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը իրենց ծրագիրին մէջ ներառելու Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի Կանաչներու կուսակցութեան` դեկտեմբեր 2017-ին ընդունուած որոշումը: Արցախի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը հանրապետութեան արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկն է, որ առանցքային նշանակութիւն ունի Արցախի ժողովուրդին` իրենց հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու լիարժէք գործադրման եւ շրջանին մէջ կայունութեան եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման համար:

Իր կարգին, ծերակուտական Տի Նաթալէ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարար Մայիլեանին ընձեռնուած առիթին համար` ուղղակի  տեղեկանալու Արցախի եւ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Ան ընդգծած է, որ Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համար արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յառաջ մղումը առանցքային տեղ կը գրաւէ:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի միջազգային համագործակցութեան զարգացման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, քննարկուած են այդ բնագաւառին մէջ նոր կարելիութիւնները:

Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան:

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Պելճիքայի Ալսթ Քաղաքի Աւագանիի Անդամներուն Եւ Քաղաքապետին Հետ

Յաջորդը

Իրանը Նախազգուշացնում Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.