Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Ըստ Կարելւոյն Ձեռնպահ Կը Մնամ Ընթացիկ Զարգացումներու Վերաբերեալ Քաղաքական Բանավէճին Մասնակից Դառնալէ»

July 27, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ նշուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ամառնային այս օրերուն, երբ աշխարհի շատ երկիրներու մէջ պետական եւ քաղաքական կեանքը հիմնականին մէջ մտած է հանդարտ փուլ, մեր երկրին մէջ տակաւին աշխուժ են հանրային բանավէճերը եւ փնտռտուքները:

Անշուշտ, բոլորիս նպատակը կը շարունակէ մնալ նոյնը. Երկրին մէջ ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը, ապահովել տնտեսական զարգացում եւ երկրի անվտանգութիւնը, ունենալ բարեկեցիկ հասարակութիւն, լիարժէքօրէն կեանքի կոչել իրաւական, ընկերային պետութեան կայացման սահմանադրական սկզբունքները, երաշխաւորել մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները:

Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք հնչող բազմաթիւ յայտարարութիւններուն, կարծիքներուն, տեսակէտներուն, գործողութիւններու մասին կոչերուն, այդ կոչերուն վերաբերեալ կոչերուն եւ այլն: Սահմանադրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հաստատութեան վերապահուած դերին հաւատարիմ` ես ըստ կարելւոյն ձեռնպահ կը մնամ ընթացիկ զարգացումներուն վերաբերեալ քաղաքական բանավէճին մասնակից դառնալ, որքան ալ որ իբրեւ քաղաքացի մեծ է խօսելու գայթակղութիւնը:

Միաժամանակ ես լիայոյս եմ, որ ընթացիկ եւ հետագայ զարգացումները պիտի նպաստեն ո՛չ միայն դատաիրաւական բարեփոխումներու արդիւնաւէտութեան, այլեւ պետական եւ հանրային կառավարման բոլոր ոլորտներու կատարելագործման, իշխանութիւն-հասարակութիւն փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան խորացման:

Յոյս ունիմ նաեւ, որ տարբեր հարցերու շուրջ հանրային քննարկումներն ու բանավէճերը պիտի յանգեցնեն հանրօգուտ, համազգային շահերու համահունչ արդիւնքի: Միայն պէտք է շարունակենք հաւատալ մեր ուժերուն եւ միտքին: Մենք պէտք է գիտակցինք, որ կարեւոր է ո՛չ միայն նպատակը, այլեւ անոր հասնելու ճամբան: Քննարկման առարկայ  դարձնենք տարաձայնութիւններն ու խնդիրները, այլ ոչ թէ անձերը:

Յառաջ երթալու համար յաճախ օգտակար է կարճատեւ դադարը, ընելիքի մասին լաւապէս մտածելը: Գիտակցինք, որ մեզի այսօր անհրաժեշտ են միասնութիւն, կայունութիւն եւ ապագային միտուած հայեացք, տեսլական, ինչպէս նաեւ յստակ ծրագիրներ:

Վերջին շրջանին ես հանդիպած եմ եւ պիտի շարունակեմ հանդիպիլ քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներու եւ անհատներու հետ, բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են երկխօսութեան, որոնք շահագրգռուած են ու կը գործեն յանուն մեր երկրի եւ ժողովուրդի բարօրութեան:

 

Աստուած պահապան մեզ»:

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Դաշնակցականներու Նկատմամբ Հետապնդման Փորձերը Պիտի Նկատուին Քաղաքական»

Յաջորդը

Իրան Բրիտանական Քարիւղատար Նաւու Անձնակազմէն 9 Հնդիկներ Ազատ Արձակեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.