ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր տուած որոշումները: Ձեր արտադրութիւնը ուշադրութեան կեդրոն պիտի դառնայ, եւ դուք մեծ յաջողութեան դիմաց պիտի կանգնիք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեր խօսած ամէն մէկ բառին եւ արտայայտած միտքերուն: Ձեր տալիք կարեւոր որոշումը կրնայ առիթ դառնալ վիճաբանութեան: Ճկուն եւ դիւանագէտ եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Ձեր ստորագրելիք պայմանագիրը մանրամասնութեամբ սերտեցէք, որ յետոյ չզղջաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Սիրալիր խօսքեր պիտի լսէք ձեր սիրեցեալէն: Բարի անակնկալներ ձեզի կը սպասեն այս շրջանին: Հաճելի արձակուրդ մը պիտի ունենաք ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ սիրելիներուն հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր գործատեղիին մէջ պաշտօն մը ձեռք ձգելու համար վիճաբանութեան մէջ պիտի մտնեն ձեր գործընկերները: Հեռու մնացէք ըսի ըսաւներէն եւ կեդրոնացէք միայն ձեր գործին վրայ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դրական շրջան մըն է, օգտուեցէք առիթէն` իրականացնելու ձեր ծրագիրները: Ձեր արտաքին կերպարանքին հոգ տարէք, որպէսզի ըլլաք վայելուչ: Սիրով կատարեցէք ձեզի վստահուած բոլոր գործերը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր զաւակներէն մէկը պիտի ունենայ հարց մը, որուն լուծման մեծապէս օգտակար պիտի դառնաք: Ժամանակ տրամադրեցէք տնային աշխատանքներուն եւ նորոգութիւններուն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Անձնական եւ աշխատանքային գետնի վրայ տեղի պիտի ունենան նորութիւններ, որոնց դժուարութեամբ պիտի յարմարիք: Հաճելի հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր մէկ ընկերոջ հետ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Լաւ հետեւեցէք ձեր գործին մէջ ձեզի տրուած ցուցմունքներուն: Աշխատեցէք հեռու մնալ կեղծաւոր մարդոցմէ, որոնք կրնան փճացնել ձեր հանգիստ օրը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պիտի նեղանաք, որովհետեւ ստիպուած պիտի ըլլաք ձեր գործակիցներէն աւելի աշխատիլ ու նոյն գումարը վաստակիլ: Համբերող եղէք, ժամանակի ընթացքին ձեր հարցը պիտի լուծուի:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յուսախաբութիւն մը պիտի ապրիք: Ամսուան աւարտին ձեր գործէն պիտի հրաժարիք: Ձեր կանխատեսումները ճիշդ պիտի չըլլան: Հանդարտ մնացէք, որպէսզի լուծումներ գտնէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք այս շրջանին եւ նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք: Ձեր հիւրերուն հետ հաճելի պահեր պիտի անցընէք: Ամառնային արձակուրդը օգտագործեցէք նաեւ ձեր ընտանիքին հետ հանգստանալու համար:
