Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Եւ Հարիրի Ստորագրեցին 2019-ի Պետական Ամավարկը Եւ Զայն Փոխանցեցին Հանրապետութեան Նախագահին

July 25, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ստորագրեցին 2019-ի պետական ամավարկը եւ զայն փոխանցեցին հանրապետութեան նախագահին:

Կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ստորագրութենէն ետք պետական ամավարկը պետական պաշտօնաթերթի վաղուան թիւով լոյս տեսնէ:

Սակայն որոշ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ պետական ամավարկը կը բովանդակէ կէտ մը, որուն համաձայն, կը խոստանայ յարգել Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին մէջ վեց տարբեր մարզերու պարագային յաջողութիւն արձանագրած թեկնածուներուն իրաւունքները: Նոյն աղբիւրները մտահոգութիւն յայտնեցին, որ հետեւեալ կէտին շուրջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը համաձայնութիւն չէր յայտնած:

Արսլան Եւ Ղարիպ Կ՛այցելեն Այն Թինէ

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի:

Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ Պըրրի յանձնառու է Լեռնալիբանանի կայունութեան: Ան ըսաւ, թէ իրենք արդարութիւն կը պահանջեն նահատակներուն եւ կենդանի նահատակներուն, որոնց շարքին` նախարար Սալեհ Ղարիպի համար:

Արսլան նշեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ չփոխանցելը լիբանանեան պետութեան համար ամօթալի արարք մըն է` աւելցնելով, որ իրենց պահանջածը կանխաւ արձակուած վճիռ մը չէ, այլ` արտակարգ դատավարութիւն մը, որ ունի յստակ չափանիշներ:

«Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու պահանջը հիմնուած է նահատակներու թափած արեան, ազգային համերաշխութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն հեղինակութեան նկատմամբ մեր յարգանքին վրայ», հաստատեց Արսլան:

Արսլանի յայտարարութիւններուն յաջորդեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարուած հետեւեալ գրառումը. «Մարդիկը եւ անոնց ուղեղները նուազագոյն կերպով յարգելու չափանիշ մը գոյութիւն ունի: Առ ի յիշեցում, Պասաթինի միջադէպը արդիւնք էր նախապէս տիրած իրավիճակին եւ կարգ մը զինուորական ցոյցերուն` հասնելով մինչեւ Շուէյֆաթի ոճիրը, որուն պատասխանատուն փախուստ տուած է Սուրիա: Կը կարծեմ, որ ժամանակն է արդէն երկու միջադէպերուն թղթածրարները միացնելու, իսկ համապատասխան իշխանութիւնները կ՛որոշեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լուծել այդ հարցը, այսինքն` եթէ անոնք Արդարութեան խորհուրդի կարիքը ունին կամ ոչ»:

Չորեքշաբթի Օրուան Երեսփոխանական Նիստ

Պըրրի երէկ կէսօրին նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որմէ ետք Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի հաստատեց, որ Պըրրի զարմանք յայտնած է, թէ կառավարութիւնը երեք շաբաթէ ի վեր նիստեր չի գումարեր, յատկապէս նկատի ունենալով պաղեստինցի աշխատաւորներուն վերաբերող հարցին լուծման անհրաժեշտութիւնը:

«Պըրրի դրուատեց պետական ամավարկի վաւերացման առումով երեսփոխաններուն ունեցած ներդրումը` աւելցնելով, որ տակաւին կան Սահմանադրական խորհուրդի նշանակումները ամբողջացնելու, աղբահանումի հարցը լուծելու, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր», ըսաւ Պեզզի:

Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է նաեւ, թէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ նախանցեալ օր Պըրրիին ըսած է, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումին իմաստով յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: «Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի առաջարկած 7 կէտերէն 6-ին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ իբրեւ այս հարցի վերջնական լուծում, ինք լաւատես է վերջին կէտին շուրջ գոյանալիք համաձայնութեան հաւանականութեամբ», ըսաւ Պեզզի:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, որ ան ընդվզած է կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու իրականութենէն` աւելցնելով, որ կառավարութեան նիստերը կարելի է գումարել` առանց օրակարգի վրայ նկատի ունենալու Քապըր Շմունի միջադէպին թղթածրարը:

Պըրրի նկատել տուած է, թէ կառավարութիւնը լուրջ օրակարգեր ունի քննարկելիք, որոնց շարքին` պաղեստինցիներուն վերաբերող վտանգաւոր թղթածրարը, պետական նշանակումները, «Սետր»-ի խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր, 2020-ի պետական ամավարկի քննարկումը, որպէսզի ամավարկը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կարելի ըլլայ խորհրդարան փոխանցել:

Անդրադառնալով Քապըր Շմունի միջադէպին` Պըրրի շեշտեց, որ ինք առաջին օրէն իսկ հաստատած է քաղաքական համախոհութեան եւ հաշտութեան կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ այդ միջադէպին թղթածրարը Զինուորական ատեան փոխանցելը բնական է, սակայն Արդարութեան խորհուրդին փոխանցելու որոշումը կառավարութեան իրաւասութիւնն է:

 

 

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց «Վիզիթըր Էքսփիրիընս» Ծառայութեան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Յաջորդ Նախագահին Պիտի Յանձնեմ Ներկայէն Աւելի Լաւ Հայրենիք Մը»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.