Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալըն Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Թուրքիոյ Ապահովական Մտահոգութիւնները Փարատելու

July 24, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն «Պլումպըրկ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիոյ դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն շարքին են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «ենթադրեալ մենատիրութիւնը» եւ «Անգարայի կողմէ ՕԹԱՆ-ի դաշինքի ականահարումը»:

«Այս ամբաստանութիւնները անհիմն են: Անոնք ցուցանիշն են հասկացողութեան մեծ ձախողութեան մը եւ Թուրքիոյ իրաւացի անվտանգութեան մտահոգութիւններուն, անոր գործած շրջանային իրավիճակին եւ աշխարհաքաղաքական աւելի լայն իրողութիւններու դիտաւորեալ մերժումի մը», գրեց Քալըն:

«Այն պնդումը, թէ Թուրքիան այլեւս ՕԹԱՆ-ի վստահելի դաշնակից մը չէ, անհիմն է», ըսաւ Քալըն` աւելցնելով, որ Թուրքիան կենսական դերակատարութիւն ունի Քոսովոյէն ու Պոսնիայէն Լիբանան եւ Աֆղանիստան երկարող ՕԹԱՆ-ի բոլոր մեծ առաքելութիւններուն մէջ:

Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգեր գնելն ու արեւելեան Միջերկրականի մէջ քարիւղի եւ բնական կազի պեղումը միակ պատճառը չեն ներկայ ճնգնաժամին, ինչ որ, անոր համաձայն, «հրատապ է եւ կը կարօտի աւելի լայն տեսանկիւնէ մը դիտուելու»:

«Դաշինքը իւրացում չի նշանակեր. ատիկա չի նշանակեր, թէ կարգ մը անդամներ ազատ են իրենց օրակարգը ուրիշներուն պարտադրելու», գրեց Քալըն` աւելցնելով. «ՕԹԱՆ չի կրնար պատշաճ կերպով գործել, երբ բոլոր անդամներուն անվտանգութեան մտավախութիւնները նկատի չեն առնուած: Թուրքիան բացառութիւն մը չէ»:

Ան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ անվտանգութեան մտավախութիւնները կանոնաւոր կերպով կ՛անտեսուին: Ան Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական երկիրները քննադատեց ՔԱԿ-ի եւ կիւլենականներու դէմ բաւարար աջակցութիւն չցուցաբերելնուն համար:

Քալըն պնդեց, որ Թուրքիան Արեւմուտքէն կամ աշխարհի որեւէ այլ մասէն չի հեռանար, այլ կ՛ընդլայնէ ու կը բազմազանեցնէ իր արտաքին քաղաքականութեան ընտրանքները: «Սակայն հեռու կը մղուի ի վնաս ՕԹԱՆ-ի անվտանգութեան ու միասնականութեան», ըսաւ ան:

«Փոխանակ Թուրքիան իրենց կարճաժամկէտ շահերուն գործիք դարձնելու, մեր արեւմուտքցի բարեկամներն ու դաշնակիցները պէտք է Թուրքիոյ հետ վարուին իբրեւ հաւասար գործընկեր եւ լրջօրէն նկատի ունենան անոր անվտանգութեան մտավախութիւնները», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:

 

Նախորդը

Վենեզուելան Դարձեալ Յայտնուած Է Մթութեան Մէջ. Մատուրօ Զայն Կը Վերագրէ «Յանցաւոր Յարձակում»-ի

Յաջորդը

Պորիս Ճոնսըն Ընտրուեցաւ Բրիտանիոյ Վարչապետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.