Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ

December 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ Ֆրանսական խորհրդարանին վաւերացուցած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին եւ թրքական բուռն  հակազդեցութիւններուն:

Այս շրջագիծին մէջ, «Անուար» օրաթերթը կը գրէ. «Ֆրանսական խորհրդարանը վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, որուն Թուրքիա հակազդած է սառեցնելով Ֆրանսայի հետ իր յարաբերութիւնները եւ տուն կանչած Փարիզի մէջ թուրք դեսպանը»:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը անդրադարձած է նոյն լուրին` նշելով, որ Թուրքիա կը ջանայ Ֆրանսայի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրել` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրման պատճառով: Նոյն օրաթերթը կ՛աւելցնէ, թէ թրքական դասաւորումները ներառած են Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը տուն կանչելու եւ Փարիզի հետ յարաբերութիւնները սառեցնելու քայլերը: Միւս կողմէ, սակայն, օրաթերթը նկատել կու տայ, որ Ֆրանսա կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ չչափազանցելու:

«Ժումհուրիա» օրաթերթը կը գրէ հետեւեալը. «Ֆրանսայի խորհրդարանը վաւերացուց «ցեղասպանութեան» ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, իսկ Թուրքիա կը հակազդէ սառեցնելով Ֆրանսայի հետ իր զինուորական յարաբերութիւնները»:

«Շարք» օրաթերթը նկատել կու տայ, որ Ֆրանսայի կողմէ որդեգրուած վերոնշեալ օրինագիծը պատճառ դարձած է, որ Թուրքիա ջնջէ Փարիզի հետ իր ունեցած քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բոլոր հանդիպումներն ու յարաբերութիւնները:

Ըստ «Սատա Պալատ» օրաթերթին, Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը դուռ կը բանայ, որ Թուրքիա Ֆրանսայի դէմ շարք մը պատժամիջոցներ որդեգրէ:

«Սատա Պալատ» կ՛անդրադառնայ նաեւ հայութեան ողջոյնին, յատկապէս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար  Էդուարդ Նալբանդեանի արտայայտած գոհունակութեան եւ գնահատանքին:

Միւս կողմէ, «Սատա Պալատ» կ՛անդրադառնայ նաեւ թրքական մեկնաբանութիւններուն, որոնց հիման վրայ այդ օրինագիծին վաւերացումը կատարուած է ընտրական շահերէ մեկնելով:

Նոյն լուրին  անդրադարձած են նաեւ «Նահար», «Տիար», «Սաֆիր», «Պինա», «Ախպար», «Լիուա» եւ «Մուսթաքպալ» օրաթերթերը, որոնք կը հաստատեն, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ տագնապ ստեղծուած է:

 

 

 

 

Նախորդը

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.