
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ Պերթրան Մատու Ռաքը, որուն հետ քննարկեց զինուորական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ֆրանսական զօրամասի հրամանատար զօր. Օլիվիէ Մեզոնէօվ Տելան. քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ ֆրանսական զօրամասին ստանձնած պարտականութիւնները եւ բանակին հետ գործակցելու հեռանկարները:
Զօր. Քահուաժիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:


