Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախկին նախարար Ուրսուլա ֆոն տեր Լիայէնի Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին նշանակումը Եւրոպայի համար լաւ որոշում մըն էր: Այս մասին յայտարարած է Անկելա Մերքելը:
«Ատիկա լաւ որոշում է Եւրոպայի համար», ըսած է ան:
«Մենք Գերմանիոյ առումով կրնանք հպարտ ըլլալ, որ Եւրոպական յանձնաժողովը վերստին գերմանացի մը պիտի գլխաւորէ, այսինքն` գերմանուհի մը, եւ որ կրցանք խուսափիլ Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն միջեւ ճգնաժամէն», ընդգծած է Մերքել:
Ան միաժամանակ վստահութիւն յայտնած է, որ Գերմանիան, յանձին Աննեկրեթ Քրամփ Քարենպաուըրի, «պիտի ունենայ պաշտպանութեան լաւ նախարար»: «Ան փորձառու քաղաքական գործիչ է», ըսած է Մերքել:
Գերմանիոյ վարչապետը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան դիմաց կանգնած են բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին` Իրանի, Ուքրանիոյ շուրջ կացութիւնը եւ գաղթականներու հիմնախնդիրը: «Եւրոպան պէտք է գործունակ ըլլայ», նշած է Մերքել:



