Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

December 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումէն ետք Քասսար յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է տնտեսական շարք մը հարցեր` աւելցնելով, որ կառավարութեան վաւերացուցած աշխատավարձի որոշումը կը վնասէ երկրին տնտեսութեան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուին, որուն հետ քննարկեց Իրաքի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքին իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք Ալլաուի յայտնեց, որ Իրաքի քրիստոնեաները իրաքեան ընկերութիւնը բաղկացնող հիմնական մէկ բաժինն են, որոնք հսկայ ներդրումներ ունեցած են այդ ընկերութեան կեանքին մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խստիւ դատապարտեց աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ներկայացուցած աշխատավարձի յաւելման ծրագիրը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ կոչ ուղղեց կառավարութեան հրաժարելու եւ երկիրը փրկելու իր դիմագրաւած վատթար կացութենէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին ընդգծեց, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ծրագիրը գործադրելու պարագային, լիբանանեան շուկաները եւ տնտեսական ամբողջ համակարգը պիտի վնասուին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ եթովպիական ջախջախուած օդանաւուն մասին բացուած հետաքննութեան վերջնական արդիւնքները պիտի յայտարարուին քանի մը օրէն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումին որոշումը արմատական լուծում է եւ իսկական փոփոխութիւն պիտի յառաջացնէ:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն ողջունեց աշխատավարձերու յաւելման որոշումը: «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ղոսըն հաստատեց, որ կառավարութիւնը յանդուգն որոշումներ տուած է աշխատավարձերու յաւելումին հարցով` ընդգծելով, որ համադաշնակցութիւնը յառաջիկայ 27 դեկտեմբերին յայտարարուած ընդհանուր գործադուլը ջնջած է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք խիստ նեղացած է կառավարութեան կողմէ տարբեր թղթածրարներուն, յատկապէս աշխատավարձի յաւելման թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքէն:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ աշխատավարձերու յաւելման գծով կառավարութեան տուած որոշումին մասին Պետական շուրայի տեսակէտը յստակացած ըլլայ յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան նիստէն առաջ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ ընդգծեցին, որ ան գոհ չէ աշխատավարձերու յաւելման որոշումին գծով կառավարութեան ընթացքէն` աւելցնելով սակայն, որ այսպիսով կառավարութեան աշխատանքը պիտի չվնասուի:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ ընդգծեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը իրենց սահմանադրութիւնն է, որ խաղաղութիւն հաստատած է եւ դարձած է լիբանանցիներու աշխատանքին միակ խորագիրը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա կոչ ուղղեց կազմելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ շանթաժի չենթարկուի եւ երկրին հաշուոյն վերացական յաղթանակներ չարձանագրէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքին շրջագիծին մէջ տարբեր կարծիքներու եւ տեսակէտներու գոյութիւնը բնական է, առողջ եւ գործնական:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ծրագիրը անտրամաբանական է եւ կը յանգի ազգային տնտեսութեան փլուզման:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլան, որ յայտնեց, թէ Տար Ֆաթուա իր այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունի:

 

Նախորդը

ԱՆՁՆԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԼԻՆՕ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ԻՐ ԹԻԿՆԱՊԱՀԸ ՍՊԱՆՆՈՂԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.