Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՕՐԷՆՔԻ

December 24, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի  քուէարկած օրինագիծը միջազգային, ֆրանսական, թրքական, ազրպէյճանական, հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներու լուսարձակներուն տակ է ընդգծուած ձեւերով: Այդ լրահաւաքն ու մանաւանդ վերլուծական յօդուածներուն մօտէն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ հետագայ զարգացումները նախանշելու առումով:

Անգարան կտրուկ հակազդեցութիւններու կը դիմէ: Ֆրանսայի Ազգային ժողովին առջեւ տեղի ունեցած ցոյցը ցրուած է անշուշտ, սակայն կը յամենան սպառնալիքները, դիւանագիտական խզումներու յայտարարութիւնները, առնուելիք քայլերուն փուլային տարբերակներու բարձրաձայնումները, այս բոլորը անհետեւանք չձգելու, Ֆրանսայի նախագահը այլ բռնապետերու հետ համեմատելու եւ… Ֆրանսան Ալճերիոյ մէջ ցեղասպանութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով ամբաստանելու երեւոյթները:

Այս կտրուկ մագլցողականութիւնը տակաւ նահանջ կ՛արձանագրէ անշուշտ եւ ամէն ինչ կը վերադառնայ իր ընթացիկ հունին: Այսուհանդերձ, եթէ օրէնքի վերածուելու ընթացակարգը իր յաջորդ հանգրուաններն ալ բոլորէ, այլ խօսքով` ստանայ ծերակոյտին վաւերացումն ու նախագահին ստորագրութիւնը, այդ պարագային Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը իրաւունք չ՛ունենար յայտարարութիւն կատարելու Ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբով քննարկելու:

Մինչեւ այդ սակայն, օրինագիծը օրէնքի վերածուելու համար երկու կարեւոր հանգրուան պէտք է յաղթահարէ: Չմոռնանք, որ Ազգային ժողովէն անցնելէ ետք նմանատիպ օրինագիծ մը չէր հասած ծերակոյտ. նախագահական միջամտութեամբ օրակարգի չվերածուելով չէր քննարկուած նոյնիսկ: Հիմա, կը թուի, թէ պայմանները տարբեր են եւ թէ մօտալուտ է ծերակոյտին վաւերացումն ու նախագահական հաստատումը:

Թրքական մագլցողական ճնշամիջոցները հետեւեալ կերպ կարելի է մեկնաբանել: Անգարան վստահ էր, որ այս հանգրուանին կորսուած պատերազմ կը մղէր Ֆրանսայի Ազգային ժողովին դէմ: Սկզբունքով պատերազմի միւս ճակատամարտներն ալ կորսուած են Անգարային համար: Այժմ, ծերակոյտի մեծամասնութիւնը ընկերվարական խմբակցութեան անդամ է եւ նոյնիսկ մետասաներորդ պահու կատարուելիք միջամտութիւն մը չի կրնար արգելակել նախատեսուած ընթացքը: Չմոռնանք նաեւ, որ ընտրական նկատառումներէ մեկնած եւ նախատեսելին հաշուարկելով նախագահ Սարքոզին ցեղասպանութիւններու քրէականացման յաղթաթուղթը այս ձեւով կը խլէր իր մրցակիցներէն:

Այս բոլորով հանդերձ, անտեղի պիտի ըլլար հայկական կողմին համար ողջոյններու  հուռռայական մթնոլորտի մէջ սպասելը երկու հանգրուաններու յաղթահարման: Անգարայի բեմադրած ապատեղեկատուութիւնը, սպառնալիքներն ու ծայր գացող յայտարարութիւնները կը փորձեն արգելակել նախատեսուած ընթացակարգը: Առաւելագոյն  աշխատանք պիտի կեդրոնացուի թուրքերուն կողմէ յետաձգել տալու համար ծերակոյտի վաւերացումը:

Որքան ալ Փարիզէն յայտարարուի, որ ֆրանսական օրէնքները կ՛որոշուին Փարիզի մէջ եւ չեն թելադրուիր Անգարայէն, որեւէ պահու կը բանի քաղաքական տրամաբանութիւնը, որ կեցուածքներու յարափոփոխելիութեան տեսութիւնը մնայունօրէն կիրառելի կը պահէ: Համամարդկային արժէքները, պատմական յիշողութիւնը, իրողութիւններու հետ հաշուի նստելու սկզբունքները կրնան այլապէս մեկնաբանուիլ, եթէ տուեալ պահուն քաղաքական շահի ներշնչումի շարժառիթները փոխուին:

Հայկական գործօնը ուրեմն, յաղթողի դիրքէ մեկնած պէտք չէ բացառէ խանգարիչ այլ տուեալներու արդիւնաւէտ աշխատելու կարելիութիւնը: Քաղաքական ծայր աստիճան զգօնութիւնը, թրքական դիւանագիտութեան փորձառութեան հետ հաշուի նստիլը, Անգարայի ցուցադրած թատերական արարներուն ետին թաքնուած քաղաքականութեան ծալքերուն իրազեկումը եւ մանաւանդ ֆրանսական քաղաքական հարթութեան վրայ շեշտակիօրէն տեսանելի ընտրական մրցապայքարի մթնոլորտէն լիարժէք օգտուիլը կը յուշեն, որ նախքան նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնները այս օրինագիծը անպայման վերածուի վերջնական օրէնքի:

Նախորդը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. ՅԱՃԱԽ ՄՏԱԾԷՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ…

Յաջորդը

ՏՕՆԱԿԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ` «ՈՒՐԱԽ ՏԱՐԵԴԱՐՁ» ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.