Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են իրանեան հիւլէական գործարքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:
«Երկու կողմերը ընդգծած են, թէ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր գործօն է», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կայացած է Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ:
Մաքրոն նաեւ ընդունած է Յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Մոսկուա այցելելու Փութինի հրաւէրը:



