Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տրիան. «Կը Զգուշացնենք Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Միջեւ Պատերազմի Մը Յանգելու Վտանգէն»

July 15, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտնեց. «Թեհրանի եւ միջազգային ուժերուն միջեւ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրէն Միացեալ Նահանգներու հեռանալէն ետք Իրանի իւրանիոմի հարստացման սահմանափակումը ոտնակոխելը վատ որոշումի մը վատ հակազդեցութիւն է եւ պատերազմի յանգելու մտավախութիւններ կը ստեղծէ»:

«Կացութիւնը վտանգաւոր է, լարուածութեան մագլցումը կրնայ արկածներու արձանագրման առաջնորդել», ըսաւ ան:

«Ոչ ոք պատերազմ կ՛ուզէ: Նշմարեցի, թէ բոլորը կ՛ըսեն, թէ չեն ուզեր մագլցումի գագաթը հասնիլ: Ո՛չ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, ո՛չ ալ Ծոցի մնացեալ ղեկավարները: Սակայն գոյութիւն ունին մագլցումի կարգ մը տարրեր, որոնք մտահոգութիւն կը յառաջացնեն», յայտնեց Լը Տրիան:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց. «Իրան ոչինչ պիտի շահի հիւլէական համաձայնագիրին հիմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւններէն հրաժարելով: Միացեալ Նահանգներ եւս ոչինչ պիտի շահին, եթէ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք բերէ: Ուստի կարեւոր է լարուածութիւնը մեղմացնելու քայլեր որդեգրել»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 12 յուլիսին որդեգրած էր որոշում մը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կ՛արգիլէ առանց Քոնկրեսի արտօնութեան պատերազմը սկսիլ Իրանի դէմ:

Որոշումը որդեգրուած էր 251 թեր եւ 170 դէմ քուէներով: Անիկա ներառուած է 2020 թուականի ելեւմտական տարուան պաշտպանութեան պիւտճէի նախագիծին մէջ, որ պէտք է որդեգրուի քոնկրեսի երկու պալատներուն` Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ, ապա ստորագրուելու համար ուղարկուի նախագահ Թրամփին:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Ծերակոյտը մերժած էր այս որոշումը, որ ներկայացուած էր դեմոկրատական ծերակուտականներու կողմէ, իսկ որդեգրուելու պարագային նախագահ Թրամփ կրնայ զայն վեթոյի ենթարկել:

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Էջք Կատարած Է «Էս-400»-ներու Պահեստամասեր Փոխադրող 5-րդ Ռուսական Օդանաւը

Յաջորդը

Ռուհանի. «Պատրաստ Ենք Ուաշինկթընի Հետ Բանակցելու, Եթէ…»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.