2019-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցաշարքին պատրաստուող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Լոռիի դէմ, արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Այս մրցումէն առաջ իր կատարած բարեկամական մէկ այլ մրցումին, Հայաստանի հաւաքականը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ալաշկերտ Երեւանէն:
14 յուլիսին Ա. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը կը կատարէ Եւրոպայի ախոյեանութեան իր առաջին մրցումը` Սպանիոյ դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:45-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ հանրապետական մարզադաշտին վրայ:



