Վրաստանի մէջ քանի մը հարիւր մարդ հաւաքուած են «Ռուսթաւի 2» պատկերասփիւռի շէնքին մօտ` պահանջելով գործէ արձակել հաղորդավար Կէորկի Կապունիան, որ ուղղակի սփռումի ընթացքին հայհոյած ու վատ արտայայտուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հասցէին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Կիրակի երեկոյեան հաղորդավարը իր «Փի.Էս.» հեղինակային ծրագիրը սկսած է Ռուսիոյ նախագահին հասցէին հայհոյանքներ տեղացնելով: Մեծ թիւով օգտատէրեր քննադատած են Կապունիան եւ մտավախութիւն յայտնած, որ ռուս-վրացական յարաբերութիւնները կրնան առաւել եւս սրիլ:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները հաւկիթներ ու շիշեր նետած են պատկերասփիւռի կայանի շէնքին ուղղութեամբ:
Պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր տնօրէն Նիքա Կվարամիա յայտարարած է, թէ անթոյլատրելի կը նկատէ եթերի վրայ հայհոյանքը, թէեւ կը կիսէ հաղորդավարին կարծիքը: Պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներում հայցած է հաղորդավարի անվայել կեցուածքին համար:
Այս առնչութեամբ քննադատութիւն կատարած են թէ՛ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, թէ՛ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Վրաստանի նախագահը հաստատօրէն կը քննադատէ ատելութեան սերմանումը, բանաւոր յարձակողականութիւնը, վիրաւորանքներն ու սադրիչ յայտարարութիւնները, որոնք այսօր կատարուած են «Ռուսթաւի 2» պատկերասփիւռի կայանէն…», գրած է Վրաստանի նախագահը «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Կատարուած արտայայտութիւնները սադրանք են, որոնք ուղղուած են ռուս-վրացական յարաբերութիւններու` առանց այդ ալ ծանր իրավիճակի խորացման», կը նշուի Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց պատկերասփիւռի կայանի այդ քայլը` նշելով, որ ասիկա «խօսքի ազատութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի»:
Նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին ու խօսքի ազատութեան հարցերով զբաղող բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած է համապատասխան գնահատական տալու պատկերասփիւռի ընկերութեան ու մասնաւորաբար լրագրողի կեցուածքին:
«Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանը ստեղծուած կացութենէն ետք դադրեցուցած է իր հեռարձակումը, ապա վերսկսած իր աշխատանքը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա կատարուածը մեկնաբանած է երկու բառով. «Վրաստանի դժբախտութիւնը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշած է. «Մենք կտրուկ կը դատապարտենք իր տեսակին մէջ աննախադէպ այս ցած արարքը` Ռուսիոյ ղեկավարի հասցէին հնչած անընդունելի արտայայտութիւնները վրացական «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանի եթերէն: Ասիկա կը նկատենք իբրեւ վրացական արմատական ուժերու յաւելեալ մէկ բացայայտ սադրանք` ուղղուած ռուս-վրացական յարաբերութիւններու խաթարման: Այս աղաղակող միջադէպը վառ օրինակ է այն բանի, թէ ո՛ւր կը տանի սանձարձակ ռուսատեացութիւնը»:



