Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

December 23, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Նահհաս

Կառավարութեան կողմէ նախանցեալ օր երրորդ անգամ ըլլալով ճշդուած աշխատավարձի յաւելումը երէկ մերժուեցաւ տնտեսական խորհուրդներուն կողմէ:

Տնտեսական խորհուրդները երէկ գումարեցին արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին անոնք շեշտեցին, թէ կառավարութեան կողմէ ճշդուած աշխատավարձի յաւելման որոշումը հաստատութիւններուն դէմ հարուած մըն է:

Տնտեսական խորհուրդները կոչ ուղղեցին կառավարութեան յետս կոչելու մեղքի համազօր նկատուող այս որոշումը:

Անոնք մաղթեցին նաեւ, որ Պետական շուրան մերժէ կառավարութեան որոշումը եւ նկատի ունենայ տնտեսական խորհուրդներուն մտավախութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ տնտեսական եւ առեւտրական հաստատութիւնները կարողութիւն չունին յաւելեալ բեռ հանդուրժելու` երկրին մէջ տնտեսական տեղքայլի իրավիճակին իբրեւ հետեւանք:

Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար ընդգծեց, որ կառավարութեան տուած որոշումը տնտեսական որոշում մըն է, որ զուրկ է տնտեսական եւ ընկերային որեւէ տեսակի բնոյթէ:

Տնտեսական խորհուրդները հաստատեցին, որ գործարաններն ու հաստատութիւնները պէտք է կառչած մնան իրենց յատկացուցած աշխատավարձի ներկայ պայմաններուն. անոնք կոչ ուղղեցին նաեւ սենտիքաներուն եւ երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն, որ ճնշումներ բանեցնեն կառավարութեան վրայ` իր վերջին որոշումը յետս կոչելու իմաստով:

Նշենք, որ կառավարութեան վաւերացուցած աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ծրագիրը, որուն շրջագիծին մէջ նուազագոյն աշխատավարձ ճշդուեցաւ 868,000 լ. ոսկի, ամսական փոխադրածախս ճշդուեցաւ 236,000 լ. ոսկի` զայն նկատելով աշխատավարձին մէկ մասը:

Նկատի ունենալով երկրին մէջ արձանագրուած սղաճին 18 առ հարիւրի համեմատութիւնը, ամսական այն աշխատավարձերը, որոնք կը հասնին մինչեւ մէկուկէս միլիոնի, կը ստանան 18 առ հարիւրի յաւելում, իսկ ամսական այն աշխատավարձերը, որոնք կը տարուբերին 1,500,000 լ. ոսկիէն 2,500,000 լ. ոսկիի միջեւ, պիտի ստանան 10 առ հարիւրի յաւելում:

Այսինքն` 500,000 լ. ոսկի աշխատավարձ ստացող քաղաքացիին աշխատավարձին պարագային կատարուելիք փոխադրածախսի (236,000 լ. ոսկի) յաւելումով, այդ աշխատավարձը պիտի վերածուի 736,000 լ. ոսկիի, որուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 18 առ հարիւրի համեմատութիւնը, այսինքն` 132,000 լ. ոսկի, որպէսզի աշխատավարձը վերածուի 868,000 լ. ոսկիի:

1,000,000 լ. ոսկի աշխատավարձ ստացող քաղաքացիին աշխատավարձին պարագային կատարուելիք փոխադրածախսի (236,000 լ. ոսկի) յաւելումով, այդ աշխատավարձը պիտի վերածուի 1,236,000 լ. ոսկիի, որուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 18 առ հարիւրի համեմատութիւնը, այսինքն` 222,000 լ. ոսկի, որպէսզի աշխատավարձը վերածուի 1,458,000 լ. ոսկիի:

1,500,000 լ. ոսկի աշխատավարձ ստացող քաղաքացիին աշխատավարձին պարագային կատարուելիք փոխադրածախսի (236,000 լ. ոսկի) յաւելումով, այդ աշխատավարձը պիտի վերածուի 1,736,000 լ. ոսկիի, որուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 18 առ հարիւրի համեմատութիւնը, այսինքն` 270,000 լ. ոսկի, ինչպէս նաեւ պէտք է աւելցնել 10 առ հարիւրի յաւելումը, այսինքն` 23,000 լ. ոսկի, որպէսզի աշխատավարձը վերածուի 2,029,000 լ. ոսկիի:

Այս մասին խօսելով` աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ տնտեսական խորհուրդները, սենտիքաները եւ բոլոր հաստատութիւնները` ըլլան անոնք մեծ թէ փոքր, պէտք է ենթարկուին օրէնքին:

«Օրէնքը յարաբերական չէ, այսինքն` կարելի չէ զայն գործադրել կամ չգործադրել: Երբ որոշումը տրուած է, ապա անիկա պէտք է գործադրուի: Այս իմաստով բոլորը օրէնքի պէտք է ենթարկուին», ըսաւ Նահհաս:

Ան աւելցուց, որ ոեւէ աշխատաւոր կամ պաշտօնեայ, որ իր գործատէրէն նեղութեան կ՛ենթարկուի` աշխատավարձերու յաւելման կամ այլ իմաստով, կրնայ հեռաձայնել աշխատանքի նախարարութեան` իր բողոքը ներկայացնելու համար հետեւեալ հեռաձայնի թիւին. 01/540114:

 

Նախորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԵՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ՄԱՐԶԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼՈՒ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.