Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փրոթոգոլային յարաբերութեանց պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր շեշտեց, որ Լիբանան յառաջիկայ հանգրուանին պիտի վկայէ փոփոխութիւններ եւ մարտահրաւէրներ` աւելցնելով, որ ինք լաւատես է երկրին իրավիճակով:
Ֆլեչըր յայտնեց, որ Լոնտոն կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ անոր կայունութեան:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլա, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Ան ընդգծեց, որ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը սուրբ է` աւելցնելով, որ պաղեստինցիի մը կողմնացոյցը պաղեստինեան հողերը ցոյց կու տայ եւ ոչ թէ այն վայրերը, ուր պաղեստինցիները բնակեցնելու միտումներ կան:
Ապտալլա շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին ժողովուրդի կամքին եւ կողմնակալութեամբ չէ որ պիտի աշխատին:


