Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ տիւրզի եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ հարցեր չկան, իսկ հաշտութիւնը ամուր է եւ ճիշդ հունի մէջ կը գտնուի:
Ժահժահ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը ճիգ չեն խնայեր պահպանելու Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը եւ խուսափելու որեւէ բանավէճէ կամ վարուելակերպէ, որ կրնայ իր հետեւանքները ունենալ շրջանին եւ ժողովուրդին առօրեային վրայ:
«Քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է հեռատես ըլլան եւ յստակատեսութեամբ զինուին` խուսափելու համար որեւէ յայտարարութենէ, որուն ժամկէտը կրնայ անյարմար ըլլալ», ըսաւ ան:
Ժահժահ ըսաւ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ փոխըմբռնումը կը մնայ հիմնական սկզբունքներէն մէկը, հակառակ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ մեր ունեցած տարակարծութիւններուն, որոնք պէտք չէ խանգարեն այդ փոխըմբռնումը:
Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հաշտութեան:
Ժահժահ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը յորդորեց պահպանելու իր իշխանութիւնը եւ առիթ չտալու, որ ոեւէ մէկը փճացնէ զայն:



