Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազնաւուրի Սիրային Նամակները Աճուրդի Կը Հանուին

July 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարլ Ազնաւուրի սիրային նամակները, որոնք հասցէագրուած են Քլոտ Մեսսիա անունով աղջկան, յունիս 28-ին աճուրդի հանուեցան Ֆրանսայի մէջ, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն «Le Figaro»-ի վրայ յղումով:

Երգիչը 6 տարի նամակագրական կապի մէջ եղած է 20-ամեայ աղջկան հետ, որուն հանդիպած է 1958-ին եւ` սիրահարած: Ազնաւուրը այն ժամանակ 34 տարեկան էր: Ազնաւուրի նամակները կը յիշեցնեն անոր լաւագոյն սիրային երգերու բառերը:

Պահպանուած է 42 ձեռագիր նամակ, 9 բացիկ և 9 հեռագիր: Նամակագրութեան 118 էջի արժէքը փորձագէտները կը գնահատեն 30-40 հազար եւրօ:

Շարլ Ազնաւուրը մահացած է 2018 հոկտեմբեր 1-ին, 94 տարեկանին: Ազնաւուրը, որ վերջերս վերադարձած էր Ճափոնի համերգային շրջագայութենէն, մահացած է իր տան մէջ, Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը:

Շարլ Ազնաւուրը (իսկական անունը` Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան) ծնած է 1924 մայիս 22-ին Փարիզ, հայ գաղթականներ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ: Ան ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, երգահան, գրող, դերասան եւ հասարակական գործիչ է, 1988-ի սպիտակեան աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք հիմնադրած է «Ազնաւուրը` Հայաստանին» բարեգործական հիմնադրամը: 2009 թուականի մայիսէն Զուիցերոյ մէջ Հայաստանի դեսպանն է, Հայաստանի մնայուն դեսպանն է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ:

Ազնաւուրը շուրջ 1000 երգի հեղինակ է (մէկ մասը` երգահան Ժորժ Կառվարենցի հեղինակցութեամբ), որոնց մէջ, բազմաթիւ միջազգային երգեր` «Մաման», «Պոհեմը», «Դեռ երէկ», «Երիտասարդութիւն», «Պէտք է գիտնալ», «Ան», «Երկու կիթառ», «Ինչպէս կ՛ըսեն», «Յաւերժական սէր», «Աւէ Մարիա» եւ այլն: Ցայսօր վաճառուած է Ազնաւուրի շուրջ 100 միլիոն ձայնապնակ: Ամերիկեան «Թայմ» հանդէսին համաձայն, Ազնաւուրը ճանչցուած է «Դարի արուեստագէտ»: Արժանացած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձրագոյն պետական պարգեւներուն եւ «Պատուոյ սեզարի» (1997):

Նախորդը

Նախարար Ապու Ֆաուր Այցելեց «ten-ten» Հաստատութիւն, Որ 53 Տարիէ Մանուկներու Որակաւոր, Գեղեցիկ Եւ Մատչելի Կօշիկներու Արտադրութեան Լծուած Է

Յաջորդը

Տոհմականչի Ղօղանջներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.