Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

December 23, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻ
ՄԱՀՈՒԱՆ 75-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Պոլսոյ աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ ամսոյս 17-ին կրօնական փայլուն հանդիսութեամբ մը ոգեկոչուած է մեծանուն պատրիարք եւ ընտրեալ կաթողիկոս Ներսէս արք. Վարժապետեանի մահուան 75-րդ տարեդարձը: Հանդիսութեանց նախագահած է Պոլսոյ պատրիարքը: Շքեղ ծաղկեպսակ մը դրուած է եկեղեցիին ձախակողմը:

Պատրիարքը «Հայր մեր»-էն առաջ քարոզ մը խօսելով` ոգեկոչած է մեծանուն պատրիարքին յիշատակը:

 

«ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԻ 2000 ՏԱՐԻՆ»

Ատենին շատ խօսուեցաւ այս գիրքին մասին, որ լոյս տեսաւ ռուսերէնով եւ երկհատոր: Այս աշխատութեան հեղինակը` Գ. Գոյեան, առաջին անգամն ըլլալով ներկայացուց հայ թատրոնի 2000-ամեայ պատմութիւնը եւ այս ձեւով հաստատեց, թէ կարելի չէ խօսիլ համաշխարհային թատրոնի ընդհանուր պատմութեան մասին` առանց անդրադառնալու աշխարհի ամէնէն հին եւ ինքնատիպ թատրոնին` հայկականին:

Գ. Գոյեան, որուն ծննդեան 60-ամեակը եւ գիտական մանկավարժական գործունէութեան 40-ամեակը տօնուեցաւ վերջերս Երեւանի մէջ, ծնած է Թիֆլիս, բժիշկ Յովսէփ Տէր Նիկողոսեանի ընտանիքին մէջ: Գ. Գոյեան գրական ծածկանունը իւրացուցած է հետագային:

Միջնակարգ կրթութենէն ետք կ՛ընտրէ լրագրական ասպարէզը ու կը դառնայ «Փրաւտա»-ի թղթակից: Ատեն մը ետք կը զբաղի թատերագիտութեամբ, նախ հետաքրքրուելով ռուս, ապա զանազան ազգերու թատրոններով ու յաջորդաբար կը հրատարակէ մենագրութիւններ, այս կամ այն թատրոնին նուիրուած արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ:

Գէորգ Գոյեանի ամէնէն արժէքաւոր աշխատասիրութիւնը կ՛ըլլայ «Հայ թատրոնի 2000 տարին» երկհատոր գործը, որ, ինչպէս կը գրէ Գ. Զարէեան «Սով. Հայաստան»-ի մէջ, «Հայրենասիրութեան եւ գիտական խիզախութեան հիանալի փաստ է, որով Գ. Գոյեանի անունն անխզելի կերպով կապուեց հայ մշակոյթի պատմութեան հետ»:

Տարիներ անընդհատ դասախօսած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ եւ ստացած է արուեստագիտութեան պսակաւորի եւ փրոֆեսէօրի աստիճան:

 

ԱՆՁՐԵՒ – 66 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ԿՈՏՐՈՒԵՑԱՒ

110 ՄԻԼԼԻՄԵԹՐ ԱՆՁՐԵՒ ՏԵՂԱՑ ԵՐԷԿ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Երէկ անդադար անձրեւեց ամբողջ Լիբանանի վրայ, յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դիտարանէն կը յայտնեն, թէ մէկ օրուան մէջ 110 միլլիմեթր անձրեւ տեղացած է, ինչ որ կը կազմէ նոր մրցանիշ մը 1895-էն ի վեր: Ցարդ տեղացած անձրեւը հասաւ 296 միլլիմեթրի` անցեալ տարուան նոյն շրջանի 261 միլլիմեթրին փոխարէն: Բնական միջինն է 312 միլլիմեթր:

Մրցանիշ` նաեւ Պեքաայի մէջ, ուր երէկ 24 ժամուան մէջ 52 միլլիմեթր անձրեւ արձանագրուեցաւ, ինչ որ 234-ի կը բարձրացնէ սեպտեմբեր 1-էն ի վեր տեղացած անձրեւին քանակը: Այս թիւը միջինէն 64 միլլիմեթր աւելի է:

Գէշ օդը որեւէ ծանր արկածի պատճառ չդարձաւ, բացի Սին էլ Ֆիլէն, ուր կամուրջը ողողուեցաւ: Այդ շրջանին մէջ ամբողջ օրը երթեւեկը ընդհատուեցաւ:

Լեռնային բոլոր ճամբաները գործածելի են, բացի Պզէտտինը Մինիէի եւ Այնաթան մայրիներու շրջանին միացնող ճամբաներէն: Տահր Պայտարի ճամբան բաց է երկու ուղղութեամբ:

Սուրի բացերը, սակայն, մակոյկ մը փոթորիկի բռնուելով` ընկղմեցաւ: Նաւաստիներէն 2-ը կորսուած են:

 

ԱՊՐՈՒՍՏԻ ՍՂՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
ՊԱՅՔԱՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՇՈՒՏՈՎ

Ապրուստի սղութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը գումարուեցաւ երէկ` նախագահութեամբ ազգային տնտեսութեան նախարարութեան ընդհ. քարտուղար Ապտել Ռահման Թայարայի: Ժողովի ընթացքին վաւերացուեցաւ ծրագիր մը, որ պիտի իրագործուի մէկ հանգրուանով:

Առաջին առթիւ նուազում պիտի կրեն օդային կազը, պտուղները, բանջարեղէնը, սիկարեթը, ճաշարաններու գիները, քարիւղը, փոխադրական սակերը եւ այլն:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 946 22/12/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ. ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԱՆԽԵԼՔՈՒԹԻՒՆ (Ա.)

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.