Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Հոգածութիւնը Վայելող «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը Ամառնային Ծրագիրի Մեկնարկը Կատարեց

July 3, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առաքելութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին մանուկներն ու պատանիները: Այս առումով Պուրճ Համուտի մէջ 27 փետրուար 1993-ին հիմը դրուեցաւ մանկապատանեկան գրադարանի մը` շնորհիւ լոնտոնաբնակ լիբանանցիներու «Կիվ ա չայլտ է թոյ» ծրագիրին, եւ ազնիւ նուիրատուութեամբ Րաֆֆի Արտալճեանի բարեզարդուեցաւ ու անուանուեցաւ իր  վաղամեռիկ դստեր` Նարօտ Արտալճեանի անունով: Այս գրադարանը այսօր 26 տարիներէ ի վեր անդադրում կերպով կ՛ընդունի լիբանանահայ գաղութի մատղաշ մանուկներն ու պատանիները` անոնց տրամադրելով տաքուկ եւ ապահով բոյն սորվելու, կարդալու, սերտելու, թաքուն ձիրքերը բացայայտելու, զբօսնելու եւ վերջապէս հաղորդ դառնալու մեր ոսկեղինիկ մայրենի լեզուին:

Ձմրան թէ ամրան եղանակին գրադարանի յանձնախումբը, անմիջական հոգածութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կը մշակէ դաստիարակչական ու մանկավարժական ծրագիրներ` հայ մանուկին ու պատանիին միտքը կոփելու համար:

Արդարեւ, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը երկուշաբթի, 1 յուլիս 2019-ին, մեկնարկը կատարեց ամառնային ծրագիրին:

Գրադարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ այցելեցին պարտէզ- գրադարան` իրենց հոգեհարազատ վայրը: Հին ու նոր ընկերներ, բոլորը միասին կազմակերպեցին խաղեր: Մեծ խմբակի աղջիկները գծեցին փոքրերուն դէմքերը:

Պաշտօնական բաժինը սկսաւ, երբ երեխաները հաւաքուեցան գրադարանին մէջ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես երեխաներուն, որոնք եկած էին ԼՕԽ-ի գրադարան իրենց ամառնային արձակուրդը անցընելու հաճելի եւ օգտաշատ զբաղումներով: Ան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն անոնց ջերմ եւ ուրախ օրեր ապահովելու համար:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Լիոնի Շրջանային վարչութեան անդամ Լիզա Ժիլպեր Չալըքեան: Ան ըսաւ, թէ շատ տպաւորուած է «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի գործունէութեամբ: Ան դրուատեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու գրադարանի յանձնախումբին տարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայի իրագործումներուն:

Յաջորդաբար խօսք առին գրադարանի յանձնախումբի ատենապետ Նոնիկ Պետոյեան եւ գրադարանի պատասխանատու Արփի Շարլաքեան:

Ողջոյնի եւ մաղթանքներու խօսքերէն ետք Կարինէ Ներսէսեան խմբային զանազան խաղերով, երգերով եւ պարերով ճոխացուց մթնոլորտը:

Բոլոր մասնակիցները ուրախութեամբ բաժնուեցան իրարմէ: Յայտնենք, որ «Նարօտ Արտալճեան» պարտէզ-գրադարանի «Եկէք միասնաբար վայելենք 2019-ի ամառը» ծրագիրը կ՛երկարի մինչեւ 31 օգոստոս, երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, Արագած շրջանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պարտէզին մէջ: Հոն կը յաճախեն եօթնէն մինչեւ տասներկու տարեկան մանուկներ, իսկ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ մարզանք, ձեռային աշխատանք, երգ ու պար, մշակութային գիտելիքներ, համակարգիչ, լողաւազան եւ պտոյտներ:

 

 

Նախորդը

Հայրապետական Մաղթանք Եւ Գիրերու Գիւտի Սրբանկարի Օծում` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական Համագուարը Ընթացք Առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.