Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի Հետ

June 29, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 28 յունիս 2019-ին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի միջեւ: Հանդիպումին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ վեհափառ հայրապետի գաւազանակիր Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հայ համայնքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց հետ կապ ունեցող շարք մը հարցեր:

Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նախագահին վերընտրութիւնը, որ տեղի ունեցած էր շուրջ տարի մը առաջ եւ որուն նախօրեակին «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրած էր Անասթասիատիսը: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կիպրոսի հայութեան նկատմամբ նախագահին ու կառավարութեան զանազան առիթներով ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար: Ան նաեւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխարհասփիւռ թեմերուն, միջեկեղեցական յարաբերութեանց եւ յատկապէս Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ սերտ գործակցութեան:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, իր կարգին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին ողջոյնները փոխանցեց Կիպրոսի նախագահին եւ անդրադարձաւ Կիպրոսի, ու Լիբանանի ծովային սահմաններուն մէջ քարիւղի ու կազի շտեմարաններու բաժանման ու գործածութեան առնչուած ծրագիրին` ընդգծելով Լիբանանի ու Կիպրոսի գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Անասթասիատիս, ջերմօրէն ողջունելով վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Կիպրոս, յիշեց իր ունեցած հանդիպումները թէ՛ Կիպրոսի, թէ՛ Անթիլիասի մայրավանքի եւ թէ՛ Պրիւքսելի մէջ. ան իր յարգանքն ու գնահատանքը յայտնեց կիպրահայ գաղութին` շեշտելով անոր ամուր կապուածութիւնը կղզիին ու անոր արդար դատին: Այս առիթով նախագահը նաեւ խօսեցաւ կիպրական հարցին մասին` վեհափառ հայրապետին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ բաժնելով իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները:

Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Նարեկ» աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին կրկնօրինակը նուիրեց նախագահին:

Նախորդը

ՀՅԴ-ՀԴԿ Հանդիպում

Յաջորդը

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Վաղը` Գերմանիա – Սպանիա Աւարտական Մրցումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.