Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 12 – Հանգոյցներ» Հատորը

June 29, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 – հանգոյցներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ` «Խրախճանք», «Գարուն ա, ձուն ա արել…», «Զարտուղի պատմութիւններ» եւ «Հայեր»` 27 գրութիւններով, 72 էջ:

Իր ներածական «Երկու խօսք»-ին մէջ հեղինակը կը գրէ.

«Առաջին մասը կը պարունակէ զանազան խրախճանքներու կամ տօնակատարութիւններու առթիւ ապրուած պահեր, մտորումներ:

«Երկրորդին յօդուածները կապուած են բնութեան, յատկապէս` ձմրան, ձիւնին ու սառանձրեւին, որոնք մեր կեանքին անբաժան մասը կը կազմեն այս քաղաքին մէջ:

«Երրորդ մասը զարտուղի պատմուածքներ են, թէեւ առնչուած մեր առօրեային, սակայն` տարօրինակ դարձուածքներով, որոնք ոչ միայն հաճելի պատում մը կրնան հանդիսանալ, այլեւ մտածելու նիւթ հայթայթել:

«Վերջապէս, չորրորդ մասին մէջ պիտի հանդիպինք հայերու, որոնց գոյութիւնը, կեանքն ու մտածումները աննկատ չեն անցած գրողին աչքէն»:

Վրէժ-Արմէն դիտել կու տայ, որ բոլոր գրութիւններն ալ կը հանդիսանան շարունակութիւնը իր նախորդ հատորներուն, յատկապէս` «Ոստայն 4 ¬ իմ ուղեպատումը» հատորին, «քանի որ բոլորը իրարու միացնող ընդհանուր յայտարարը մեր ապրած առօրեան է: Օրատետրային, յուշագրական եւ ուղեգրական բնոյթ կը կրեն անոնք ու պատումի մը ոճով ընթերցողը հաղորդ կը դարձնեն զիս յուզող, մտահոգող, խանդավառող կամ անհանգստացնող ու զայրացնող հարցերուն: Այդ հարցերը կ՛արծարծուին տարբեր ձեւերով`  մնալով միշտ հեղինակին կիզակէտին վրայ», կ՛աւելցնէ ան:

Այս հատորը հարստացած է Գրիգոր Ակոբեանի կտաւներով, որոնք կը զարդարեն շապիկի առաջին էջը, ինչպէս նաեւ` չորս մասերը իրարմէ բաժնող էջերը:

Հեղինակին վերջին ինը հատորները` սկսեալ «Ոստայն 4»-էն, մատչելի են ընթերցողին Հայերէն blog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ: (https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր): Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակին ոչ անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ:

12 յունիս 2019

Նախորդը

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի 2018-2019 Տարեշրջանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Արփիկ Միսաքեանի Մահուան 4-րդ Տարելիցը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.