Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Գերագոյն Յանձնակատարին Հետ

June 26, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 24 յունիսին Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու Գերագոյն յանձնակատար Միշել Պաչելեթին հետ:

Կողմերը գոհունակութեամբ ընդգծած են Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գրասենեակին միջեւ առկայ սերտ համագործակցութիւնը, ուղենշած են զայն աւելի ընդարձակելու ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը: Զրուցակիցները նշած են, որ մարդու իրաւունքները համընդհանուր են, եւ անոնց պաշտպանութեան շուրջ համագործակցութիւնը եւս պէտք է համընդհանուր ըլլայ` առանց որեւէ բացառութեան:

Ներկայացնելով Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումները եւ այդ ծիրին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները` նախարար Մնացականեան, իբրեւ կառավարութեան գերակայութիւն, ընդգծած է դատական համակարգի բարեփոխումը` ուղղուած վերջինիս անկախութեան եւ անկողմնակալութեան ապահովման եւ դատական համակարգի նկատմամբ հանրային վստահութեան բարձրացման: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատած է այս հոլովոյթին մէջ միջազգային եւ շրջանային գործընկերներուն աջակցութեան համակարգումը եւ վերջիններուս փորձագիտութեան արդիւնաւէտ օգտագործումը:

Նախարար Մնացականեան եւ Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը կարեւոր նկատած են ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման օրակարգի յառաջ մղումին ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը: Նախարար Մնացականեան նշած է, որ կանխարգիլման օրակարգը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնը, եւ այս հարցին մէջ վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը:

Զոհրապ Մնացականեան նաեւ ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 41-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակով հանդիպման եւ շեշտած, որ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ու խթանման ուղղուած Արցախի ջանքերը արժանի են ճանաչման:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Մարոթթիի Հետ Քննարկեց «Հռոմ 2» Խորհրդաժողովին Գործադրուած Որոշումները

Յաջորդը

Աննա Նաղդալեան. «Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Մօտեցումը Ապակառուցողական Է, Որ Կ՛արժեզրկէ Խաղաղ Հոլովոյթին Լրջութիւնը»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.