Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի կատարած վերջին յայտարարութիւնը, թէ հիւսիսի անցքերէն Քայիտայի զինեալներ ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք կը գործեն սուրիացի գաղթականներու պիտակին տակ, ընդվզումի ալիք մը բարձրացուց հակադիր ուժերուն մօտ:
Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխան Զիատ Քատիրի խիստ վտանգաւոր որակեց Ղոսընի «երկրորդ Քանտահար» որակումը` մտավախութիւն յայտնելով, որ անիկա նախաքայլ մըն է ապահովական որոշ գործողութեան մը` հիւսիսային Արսալ շրջանին մէջ: Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն ժողովրդային քայլեր պիտի առնուին այս գծով:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ քննադատեց նախարար Ղոսընի մտավախութիւնները` Քայիտայէն տարրերու Լիբանան թափանցումին գծով, եւ այդ յայտարարութիւնը շրջանին մէջ ապահովական գործողութեան մը նախապատրաստութեան մէկ ազդանշանը:


