Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 42. Հաւաքական Պատասխանատուութեան Վարակիչ Օրինակներ

June 21, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ մամուլը միշտ ալ ունի եզակի առաքելութիւն` կառուցողական եւ առարկայական մօտեցումով սխալները մատնանշելու, բացթողումները շեշտադրելու եւ թերութիւնները սրբագրելու ուղենիշեր ներկայացնելու: Այս բոլորը խիստ անհրաժեշտութիւն են մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, եւ աւելի՛ն` ամուր երաշխիք` հաւաքականութիւնը շարժման մէջ պահելու եւ աւելի կատարեալին ու վսեմին ձգտելու ուղին հարթելու:

Գնահատանքները, երախտագիտութեան արտայայտութիւնները, դրական արժեւորումները, ինչպէս նաեւ գովասանքները մամուլի ճամբով շատ քիչ պարագայի կը դրսեւորուին: Եւ ասիկա բնական երեւոյթ պէտք է նկատուի, որովհետեւ մի՛շտ ալ հաւատացած ենք, որ բաւարարուածութիւնը եւ ինքնագոհունակութիւնը կեանքը կ՛առաջնորդէ դէպի ճահճացում ու ամլութիւն: Այսուհանդերձ, կարգ մը պարագաներու խիստ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ նաեւ նախաձեռնութիւններու գնահատումը եւ դրական արժեւորումը, որպէսզի նոյնինքն այդ նախաձեռնութիւնը օժտուի շարունակականութեամբ ու դառնայ համակող եւ վարակիչ:

Այլազան են մեր կեանքի ամէնօրեայ կարիքները: Եւ այս ծիրին մէջ օղակը աւելի սահմանափակելով պիտի անդրադառնամ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան ծիրին մէջ վերջերս ի գործ դրուած քանի մը աշխատանքներուն: Ճիշդ է, որ Պուրճ Համուտը, այլ շրջաններու նման, կը դիմագրաւէ Լիբանանի տնտեսութեան սպառնացող դժուարութիւնները եւ պետութեան տարիներու թափթփած ու անպատասխանատու գործունէութեան հետեւանքները, այսուհանդերձ բնական պէտք է նկատել նաեւ, որ քաղաքացին միշտ ալ ակնկալէ կեանքի աւելի բարօր պայմաններ, իտէալ միջավայր եւ աւելի՛ն: Այս բոլորը օրինաչափ նկատելու կողքին, երբեմն սակայն պէտք է գնահատել նաեւ նախաձեռնութիւնը, ներդրուած ճիգը եւ տեսլապաշտ մօտեցումը:

Պուրճ Համուտի բարեզարդման նախաձեռնութիւնները վստահաբար մեր բոլորին համար եւ յատկապէս շրջանին մէջ ապրող քաղաքացիներուն համար տեսանելի իրողութիւններ են, եւ այդ աշխատանքներուն շարունակականութիւնը անհրաժեշտ է անտարակո՛յս: Ասոր զուգահեռ, սակայն, կա՛յ ակնկալութենէն եւ իրագործումները տեսնելէն  անկախ` տարուած աշխատանքներուն մէջ ժողովուրդի գործնական մասնակցութեան ապահովման առաջադրանքի իրականացումը: Ահաւասիկ այս երեւոյթն է, որ կը փորձեմ լուսարձակի տակ բերել այս ակնարկով: Անցնող ամիսներուն «Ճամբադ տանդ պէս պահէ՛» խորագիրով մաքրութեան արշաւը, որուն մասնակից դարձան Պուրճ Համուտի բնակիչները, պատասխանատուները, կրթական ու բարեսիրական հաստատութիւններն ու յարանուանութիւնները, օրինակելի պատգամ մը դառնալու բոլոր տուեալները կը պարփակէ իր մէջ: Այս ծրագիրին շարունակականութիւնը եւ զայն հերթականութեամբ օժտելը նաեւ ոգեւորող ու խթանող երեւոյթ է: Այո՛, Պուրճ Համուտը այնտեղ ապրող քաղաքացիին տունն է, եւ այս գիտակցական մօտեցումը իր հարազատ արտայայտութիւնը կը գտնէ նշեալ նախաձեռնութեան մէջ, եւ ահաւասի՛կ երկրորդ օրինակելի նախաձեռնութեամբ մը Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շրջանի բնակիչներուն մասնակցութեամբ կը նախաձեռնէ  շէնքերու տանիքներու մաքրութեան արշաւի մը` ճշդելով համապատասխան ժամանակացոյց եւ ստեղծելով ժողովուրդ-քաղաքապետութիւն համագործակցութեան գնահատելի նոր ծրագիր մը: Այս ծրագիրի յայտարարութիւնը լոյս տեսած է «Ազդակ»-ի 19 յունիս 2019 թիւով:

Համագործակցութեան ու հաւաքական պատասխանատուութեան այս գիտակցութեամբ, վստահաբար կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել յամեցող բոլոր դժուարութիւններն ու տագնապները եւ Պուրճ Համուտ քաղաքը դարձնել աւելի գեղեցիկ, գրաւիչ ու կենսունակ շրջան մը: Ժողովուրդի այս գործնական մասնակցութիւնը աւելի պատասխանատու ու հաւատարիմ կը դարձնէ զայն իր քաղաքի կարիքներուն նկատմամբ, եւ իր պահանջներն ու առաջարկները կը դառնան աւելի հիմնաւորեալ ու իրապաշտ: Միւս կողմէ, բնականաբար, ժողովրդային մասնակցութեան խորացումը քաղաքապետութիւնը կ՛օժտէ յաւելեալ ինքնավստահութեամբ, եւ ան մշտանորոգ յանձնառութեամբ կը շարունակէ նուիրուիլ քաղաքի զարգացման ու յառաջընթացին:

Աշխատինք հաւաքաբար խորացնելու այս նոր մշակոյթը, որուն բարիքներէն պիտի օգտուինք բոլորս:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՄԱԿ-ի Սուրիական Հարցով Զբաղող Պատասխանատուն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.