Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսով Փակեցին Տարեշրջանը

June 21, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

8 յունիս 2019-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու աշակերտները վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած տօնական հանդէսով մը փակեցին ընթացիկ կրթական տարեշրջանը: Հանդէսը արտացոլացուց մանկապարտէզին  մէջ անցած տարի սկսած կրթական շարք մը բարեփոխումներ եւ առիթ եղաւ պատկերացում մը տալու այն ծրագրին մասին, որուն հետեւցան բողբողջներն ու կոկոնները` ըստ նորացուած մանկավարժական մօտեցումներուն:

Հանդէսի բացումին կոկոնները կատարեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները եւ արտասանեցին բացման խօսքեր, որոնց յաջորդեց խմբերգ մը` չորս լեզուներով: Գեղարուեստական յայտագրով երկու դասարաններու աշակերտները փոխն ի փոխ կատարեցին երգեր ու պարեր` հայկական, արաբական եւ եւրոպական երաժշտութեան տակ եւ դերասանական մատղաշ ձիրքերով մատուցեցին փունջ մը արտասանութիւններ` հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն:

Հանդէսին խօսք առին Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը եւ մանկապարտէզի պատասխանատու Գարոլին Թերզեանը:

Կրեկուար Գալուստ գնահատեց մանկապարտէզի աշխատակիցներուն լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքը` դեռատի հայ մանուկներուն կրթութեան համար եւ վերահաստատեց վարժարանին յանձնառութիւնը`  կրթական միջավայրի զարգացման նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպեանի մէջ սկսած կրթական բարեփոխումները արդէն իսկ տեսանելի արդիւնքներ տուած են, որոնք կ’արտայայտուին նաեւ բողբոջներուն եւ կոկոններուն պարագային: Հայերէնի, արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի կողքին, անգլերէնի ուսուցումը կ’ընթանայ գոհացուցիչ կերպով, դասատուութեան մէջ կը կիրարկուի աշակերտներուն քննական միտքը զարգացնելու մօտեցումը, իսկ տնային աշխատանքներու ծաւալը հասցուած է նուազագոյնի:

Բողբոջներով եւ կոկոններով` Մեսրոպեանի 100-ամեակի հունտերը յաջողութեամբ ցանուած են արդէն, ըսաւ  տնօրէնը` վստահեցնելով, որ յառաջիկայ փուլերուն անոնք պիտի արժանանան նոյն սիրոյն եւ գուրգուրանքին, որոնցմով կրթուեցան մանկապարտէզին մէջ` հասնելու համար աւարտական դասարաններ ու անոնցմէ ետք` բարձրագոյն կրթութեան:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Յունիս 1969)

Յաջորդը

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Աւարտական Վկայական Շնորհեց 51 Ծաղիկներու

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.