Երէկ` չորեքշաբթի, 19 յունիսին, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանը:
Այս հանդիպումին ընթացքին Ծատուրեան նախարարը տեղեակ պահեց այն բոլոր նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, որոնք կը տարուին ֆետերասիոնին կողմէ` լաւապէս հիւրընկալելու համար լեռնային հեծելարշաւի (Մաութըն Պայք) ասիական 25-րդ ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 25-28 յուլիսին, Քֆարզեպիանի շրջանին մէջ (Քեսրուան)` հսկողութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան:
Ծատուրեան յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան երկու հարիւր երկսեռ մարզիկներ, որոնք պիտի ժամանեն ասիական 15 երկիրներէ:
Նախարար Կիտանեան ըսաւ, թէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ այս ախոյեանութեան, եւ Լիբանան ժամանող ասիական պատուիրակութիւնները պիտի դիմաւորէ անձամբ:
Նախարարը աւելցուց, որ այս ախոյեանութեան լիբանանցի մարզիկներուն կը մաղթէ յաջողութիւն, մանաւանդ որ մրցումին արդիւնքներուն լոյսին տակ յաղթականները պիտի մասնակցին Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն:



