Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեւմուտքի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Գրեթէ Աւարտած Է Պետական Ամավարկի Քննարկումը

June 20, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը, նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, երէկ շարունակեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը:

Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին աշխատանքներուն մէջ յապաղում չկայ, այլ` դրական քննարկում, որուն նպատակն է պաշտպանել կառավարութեան իրականացուցած խնայողութեան համեմատութիւնը: «Ասիկա անհրաժեշտ է, որովհետեւ երկրին տնտեսական իրավիճակը տագնապալի է, եւ մենք կարիքը ունինք բարեկարգումներու», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի նկատել տուաւ, որ խորհրդարանին եւ կառավարութեան միջեւ գործակցութիւնը պէտք է առկայ ըլլայ` աւելցնելով, որ խորհրդարանին ու կառավարութեան միջեւ հասարակ յայտարարները բազմաթիւ են:

Ան նշեց, որ իրենք ժխտական չեն, այլ` դրական, եւ կը փափաքին, որ բոլորը դրական ոճով գործեն, որովհետեւ ի վերջոյ չկայ քաղաքական յաղթական ուժ, այլ կայ յաղթական Լիբանան:

Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբին աշխատանքները գրեթէ աւարտած են: «Պետական ամավարկի օրինական բաժինին քննարկումը արդէն իսկ աւարտած ենք, եւ յանձնախումբը պիտի գումարէ նիստ մը` քննարկելու համար առկախ մնացած կարգ մը հարցեր, որոնց շարքին` 2 առ հարիւր տուրքի հարցը», ըսաւ ան:

Քանաան յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնն ու լիբանանցիները կը վստահին կառուցողական բարեկարգումին:

 

Նախորդը

Իպրահիմ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

«Կը Մաղթեմ, Որ Զբօսաշրջիկներուն Թիւին Մասին Ակնկալութիւններս Ճիշդ Ըլլան» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.