Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Ժահժահի Հետ Քննարկեց Բարեկարգումներու Գործադրութեան Հեռանկարները

June 19, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու բարեկարգումներու գործադրութեան հեռանկարները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարարներ Մըլհեմ Ռիաշի եւ Ղաթթաս Խուրի:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը վատթարանայ` աւելցնելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի Լիբանանը մօտեցնելու անդունդի սեմին:

Ժահժահ նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է 2019-ի պետական ամավարկին վերաբերող մանրամասնութիւններ` ընդգծելով, որ իրենք առաւելագոյն չափով իրենց կեցուածքները կը համադրեն Մուսթաքպալ հոսանքին հետ:

Ժահժահ նաեւ ըսաւ, թէ պետական ամավարկը միայն թիւերէ չէ բաղկացած: «Եթէ Լիբանանի հանդէպ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը խոցելի դառնայ, ապա «Սետր»-ն ու այլ միջազգային համաձայնագիրներ պիտի կորսնցնենք», ըսաւ Ժահժահ:

Ան հաստատեց, որ իսկական բարեկարգումը կը սկսի նաեւ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական հիմնական ուժերէն, որոնք պէտք է պատասխանատուութեամբ վարուին:

Անդրադառնալով պետական նշանակումներուն` Ժահժահ նշեց, որ այդ առումով իրենք կը պահանջեն նշանակումները կատարել համապատասխան գործիքակազմով, որպէսզի կարելի ըլլայ իսկական բարեկարգում ապահովել:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառչած Կը Մնանք Բարեկարգումներուն Գործադրութեան Եւ Պետական Ամավարկի Բարեկարգչական Ուղեգիծին» Շեշտեց Ժրայսաթի

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.