Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ականներ Կ՛այցելեն Պէյրութի Ազգային Թանգարան

June 17, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը խորապէս կը գիտակցի իր կազմակերպած  ձեռնարկներու նիւթերու ընտրութեան ու կարեւորութեան` օգտակարը, շահեկանը եւ հաճելին միացնելու միտումով: Յանձնախումբը այս տարուան եզրափակիչ ձեռնարկը  կազմակերպեց. այցելութիւն մը` Պէյրութի ազգային թանգարան:

Չորեքշաբթի, 29 մայիս 2019-ի առաւօտուն մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ երեք փոխադրակառքերով ուղղուեցան Պէյրութի ազգային թանգարան` ընկերակցութեամբ Շրջանային վարչութեան երեք ընկերուհիներու:

Թանգարանին գետնայարկը, մուտքին դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Ազնիւ Միքայէլեան ներկայացուց թանգարանին պատմականը եւ ըսաւ, որ 1923 թուականին կը ստեղծուի «Թանգարանի բարեկամներու մարմին»` գլխաւորութեամբ Պշարա Խուրիի, որ եղած է վարչապետ, կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար: Խումբ մը ազգայիններու եւ ճարտարապետներու խորհրդակցութեամբ, Ազգային թանգարանի շինարարութիւնը կը սկսի 1930 թուականին, Պէյրութի քաղաքապետութեան կողմէ նուիրուած հողամասի մը վրայ: Թանգարանի բացումը պիտի կատարուէր 1938-ին, սակայն Համաշխարհային Բ. պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ յետաձգուի, եւ 27 մայիս 1942-ին թանգարանի բացումը կատարուեցաւ: Ազնիւ Միքայէլեանը յայտնեց նաեւ, որ 1975-ին  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Պէյրութը բաժնուեցաւ երկու հակադիր մասերու եւ թանգարանի տարածքը թատերաբեմ դարձաւ հակադիր զինեալներու, եւ թանգարանը փակուեցաւ: Կարելիութեան սահմաններուն մէջ հնութիւնները փոխադրեցին առաջին յարկին յատակը եւ ծածկեցին պեթոնի հաստ շերտով մը` զանոնք պաշտպանելու համար: 1991-ին, երբ հրադադար հաստատուեցաւ, թանգարանի հաւաքածոն շատ գէշ վիճակի մէջ էր: Պատերազմի ժամանակ որոշ հնութիւններ թալանուած էին, եւ այժմ որոշ հնութիւններ կը ցուցադրուին թրքական թանգարաններու մէջ, իսկ ուրիշներ աճուրդով ծախուած էին: Ան նշեց նաեւ, որ 1992-էն մինչեւ 1995 քանի մը անգամ փակուեցաւ եւ բացուեցաւ նորոգութիւններու պատճառով:

Ապա ան ներկայացուց Ազգային թանգարանի հաւաքածոն եւ ըսաւ, որ անոնք  նախապատմական հնութիւններ են` պղինձի դարաշրջանէն (3200-1200 Ն.Ք.), երկաթի դարաշրջանէն (1200-333 Ն. Ք.), որոնք յայտնաբերուած են Լիբանանի տարածքին գտնուող քարանձաւներէն եւ ժայռափոր բնակութեան վայրերէն:

Վերջին բաժինով Ազնիւ Միքայէլեանը մատնանշեց, որ թանգարանը հարստացած է հելլենական, հռոմէական եւ արաբական արշաւանքներէն եւ սելճուքեան դարաշրջաններէն մնացած հնութիւններով:

Շահեկան տեղեկութիւններ լսելէ ետք ԼՕԽ-ականները շրջեցան թանգարանի երեք յարկերը եւ իրազեկ դարձան վաղ ժամանակներու գործածուած զարդեղէններու, դամբաններու, մետաղադրամներու եւ այսպիսով ծանօթացան այդ ժամանակահատուածի մտածելակերպին ու կենցաղին:

Նախորդը

Երեւան-Վան` Ուղիղ Թռիչք

Յաջորդը

Լիբանանահայ Նկարիչ Ժան Պօղոսեանին Գործերը Ներկայացուեցան Ժընեւի ՄԱԿ-ի Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.