Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՆՔ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉԵԿԱՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՍԽԱԼՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԼՈՒՌ ՄՆԱՆՔ» ԸՍԱՒ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

December 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Ժողովէն ետք զօր. Աուն յայտարարեց, որ քննարկումի նիւթ դարձած են ընտրական օրէնքն ու Պքերքէի մէջ մարոնի ղեկավարներու ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նշանակումներու հարցը: Ան դիտել տուաւ, որ պետութեան գանձարկղէն եղած գողութիւններն ու անօրէն գործառնութիւնները եւս արծարծուած են ժողովին ընթացքին: Երեսփոխան Աունի համաձայն, ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ հետաքննութիւնները ցոյց տուած են, որ 19 տարիէ ի վեր հաշուետուութիւն գոյութիւն չունի, իսկ գումարները մէկ տեղէն միւսը կը փոխանցուին ու կը տրուին իբրեւ մրցանքներ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահը Պէյրութի երեսփոխաններուն հարց տուաւ, թէ ի՞նչ են ներկայիս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը, որոնց մասին կը խօսին` պահանջելով, որ թուեն տեղի ունեցած ոճիրները, ահաբեկուած երեսփոխաններուն եւ վարչապետներուն թիւը: Ան յիշեցուց, որ նախարար Փիեռ Ժեմայէլի սպանութենէն ետք կառավարութիւնը չհրաժարեցաւ, ոչ ոք ալ գիտցաւ, թէ ոճրագործը ո՞վ էր, արդեօք այն ատեն կառավարութիւնը պատասխանատուութիւն ստանձնե՞ց: Զօր. Աուն աւելցուց, որ համախմբումը կառավարութեան մաս չկազմեց, որպէսզի սխալներուն եւ մեր ապրած դառն իրականութեան նկատմամբ լուռ մնայ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ելեւմուտքի մարզին, ծրագիրներուն եւ իշխանութեան:

Ան հերքեց այն տարաձայնութիւնները, որոնց համաձայն, Պքերքէի պատուիրակութեան եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հանդիպումին մթնոլորտէն տեղեակ եղած ըլլայ ինք. Յոյն ուղղափառ հանդիպումին առաջադրած ընտրական օրէնքին գծով զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ չենք ուզեր առիթ տալ տարբեր կողմերու միջեւ քննարկումի:

Երեսփոխան Աուն նկատել տուաւ, որ Իրաքէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումով աւարտին կը հասնի հանգրուան մը, որպէսզի ուրիշ մը սկսի` այլ հաւասարակշռութիւններու վրայ խարսխուած:

Սուրիական իրադարձութիւններուն գծով Աուն նշեց, թէ չի հաւատար, որ արաբական պետութիւնները, որոնք Սուրիոյ վրայ յարձակում գործող ամերիկեան ու եւրոպական ուղիով կը քալեն, կրնան դուրս գալ այդ գիծէն:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՆԵԼԼԻՆ ԵՒ ԱՖՐԱՄԸ

Յաջորդը

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՂՋՈՒՆՈՂ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ԿԸ ՑՈԼԱՑՆԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ՃՇԳՐՏՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։