Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեռնարկ` Նուիրուած Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան 100-ամեակին

June 10, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ 7 յունիսին տեղի ունեցաւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեան: Ան իր ելոյթին մէջ շեշտեց նման ձեռնարկներու, գիրքերու, ժապաւէններու կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք ցոյց կու տան, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը չէ կորսնցուցած արդարութեան հասնելու յոյսն ու պայքարի  մէջ է այդ նպատակին հասնելու համար: Ան նաեւ նշեց, որ կեդրոնին մէջ  առաջին անգամը չէ, որ նման ձեռնարկ կը կազմակերպուի:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը ծանր երեւոյթ է, յատկապէս ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդներուն համար: Քանի տակաւին չէ ամոքուած ցեղասպանութեան ձգած սպին, եւ մեր ժողովուրդները չեն ստացած անոր հատուցումը, անիկա հետզհետէ խորանալով` աւելի մեծ վէրք կը դառնայ: Հայ եւ յոյն ժողովուրդները տակաւին չեն կորսնցուցած  հաւատքը, որ պիտի հասնին հատուցման` քաղաքական պայքարի ճամբով: Մենք նաեւ համոզուած ենք, որ մինակ չենք այդ պայքարի ճամբուն վրայ, իսկ հայերը, յոյները եւ ասորիները այդ առումով ունին զիրար հասկնալու մեծ ներուժ»:

Ձեռնարկին բանախօսներն էին «Յոյն բնակչութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ Փոքրասիական աղէտը (1914-1923 թթ.)» գիրքի հեղինակ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ Վարդանեանը եւ Հայաստանի յունական համայնքներու միութեան նախագահ Մարիա Լազարեւան: Վերջինս համեմատութիւններ կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան ու յոյներու ցեղասպանութեան միջեւ եւ նշեց, որ հակառակ տարբերութիւններուն, կան շատ նմանութիւններ: Անոնցմէ մէկը այն է, որ երկու ցեղասպանութիւններն ալ ճանչցուած չեն ոճրագործին կողմէ: Բանախօսը աւելցուց, որ յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման «բեռը» մնացած է հիմնականին մէջ պոնտական սփիւռքի ուսերուն:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Վարդանեան: Ան հանգամանալից ներկայացուց Պոնտոսի յոյներու կամ, ինչպէս աւելի ճիշդ է բնութագրել, յոյներու ցեղասպանութեան պատմութիւնը, ցեղասպանութեան յիշողութեան ու ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցերը:

Ձեռնարկի ընթացքին խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Էդուարդ Պոլատովը` «Պատրիդա» յունական համայնքի ղեկավարը: Ան իր ելոյթին մէջ  նշեց, որ Հայաստանը մեծ դեր ունեցած է Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան հարցի բարձրացման գործին մէջ:

Ելոյթներու աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ «Արգոնաւորդների ոտնահետքերով» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է պոնտացի յոյներու ամբողջ պատմութիւնը, այնտեղ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը:

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Մասնակցեցաւ Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատական Կուսակցութեան Համագումարին

Յաջորդը

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Աւարտեցան. Քուէարկած Է Ընտրողներու 44,36 Առ Հարիւրը

RelatedPosts

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի  Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

February 25, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

February 25, 2026
Պապիկեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Իրան
Գլխաւոր լուրեր

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.