Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորմանտիի Մէջ Նշուեցաւ Ցամաքահանման Օրուան 75-ամեակը

June 7, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յարգանքի տուրք մատուցեցին Ֆրանսայի Նորմանտի շրջանին մէջ ցամաքահանումին յաջորդած արիւնալի մարտերու ընթացքին զոհուած դաշնակից ուժերու զինուորներու յիշատակին:

6 յունիս 1944-ին դաշնակից ուժերու ստորաբաժանումները ցամաքահանումի լայնածաւալ գործողութեամբ հասան Ֆրանսայի հիւսիս արեւելեան շրջանի` Նորմանտիի ափ, ուր գերմանական բանակին հետ ունեցան ծանր մարտեր:

Հազարաւոր զոհերու գնով դաշնակից ուժերը գրաւեցին գերմանական բանակի դիրքերը: Այդպիսով, ընթացք առաւ Ֆրանսայի, ապա` Արեւմտեան Եւրոպայի մնացեալ երկիրներու ազատագրումը:

Ցամաքահանումի օրը հետագային կոչուեցաւ «Տի-Տէյ», զինուորական գործողութեան բուն անունն էր «Տիրակալ»: Գործողութեան միացեալ հրամանատարն էր ամերիկացի զօրավար Տուայթ Այզընհաուըր:

Գործողութիւնը ծանր հարուած հասցուց գերմանացիներուն եւ արագացուց ֆաշական երկիրներու պարտութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ մասնակցած էր ցամաքահանման օրուան 70-ամեակին, այս տարի չէր հրաւիրուած:

Մէկ օր առաջ 15 երկիրներու ղեկավարներ, ներառեալ` Բրիտանիոյ թագուհին, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի նախագահներն ու Քանատայի վարչապետը Բրիտանիոյ Փորթսըթ քաղաքին մէջ մասնակցեցան ցամաքահանումի 75-ամեակի ձեռնարկին:

Ներկայ էր նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, որ ըսաւ. «Անոնք, որոնք ինկան, մեզ բոլորս ազատագրեցին ֆաշականներէն եւ ազատութիւն բերին Գերմանիոյ»:

 

Նախորդը

«Յունաստան Եւրոյի Գօտիի Անդամ Դարձած Է Վիճակագրութեան Կեղծումով» Կ՛ըսէ Եունքեր

Յաջորդը

Թրամփ Եւ Մաքրոն Կ՛ուզեն Շրջանին Մէջ Իրանի Ազդեցութիւնը Նուազեցնել

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.