Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Բանակը Պիտի Շարունակէ Պատրաստ Մնալ Լիբանանը Սպառնացող Որեւէ Վտանգի Դէմ»

June 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. ժոզեֆ Աուն Թրիփոլիի մէջ պատահած ահաբեկչական դէպքերէն ետք այցելութիւն տուաւ շրջանին մէջ գործող բանակի միաւորներուն դիրքերուն: Ան տեսակցութիւն ունեցաւ հետեւազօրքի թիւ 12 զօրամասին, շրջանային գաղտնի սպասարկութեան բաժանմունքին եւ արագ միջամտութեան ջոկատին հետ` գնահատելով անոնց ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ տիրապետել հարցին` նուազագոյն վնասներ պատճառելով, եւ թէեւ 2 բանակայիններ եւ 2 ոստիկաններ նահատակուեցան, սակայն ոչ մէկ քաղաքացի զոհուեցաւ:

Ան ըսաւ, թէ սուղ էր վճարուած գինը, սակայն բանակայիններուն եւ ոստիկաններուն նահատակութիւնը հպարտութիւն եւ զոհողութիւն է, որուն համար մենք պատիւ կը զգանք:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը կրօն չի ճանչնար, իսկ ահաբեկիչը ինքնըստինքեան դիմած է այս ստորին գործողութեան` Թրիփոլիի մէջ գայթակղութիւն ստեղծելու միտումով, սակայն բանակը լրիւ պատրաստակամ վիճակի մէջ կը գտնուի` դիմադրելու համար Լիբանանին սպառնացող որեւէ վտանգի, քանի որ անոր պատգամը պատիւ, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն է:

Զօր. Ժոզեֆ Աուն տեսակցութիւն ունեցաւ Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` բանակին նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան համար` դիտել տալով, որ իսլամ կրօնականները մեծ դերակատարութիւն ունին երկրին մէջ խաղաղութեան պահպանման մէջ:  Ան ըսաւ, թէ բանակը Լիբանանի ողնայարն է եւ արթուն խիղճը, իսկ երկրին ապահովական իրավիճակը զգայուն է` աւելցնելով, որ միայն Լիբանանի նկատմամբ պատկանելիութիւնը պէտք է ապրիլ, իսկ կրօնական պատկանելիութիւնը անձնական ապրում մըն է:

Իր կարգին, շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի մէջ Ֆիթրի տօնին գիշերը, ահաբեկչական արմատներ չունէր եւ որեւէ ահաբեկչական կազմակերպութեան չի պատկանիր, այլ անձնական արարք մըն էր, որ որեւէ երկրի մէջ կրնայ պատահիլ` աւելցնելով, որ յաճախ ոճրագործներ հոգեկան տագնապներէ կը տառապին եւ յաճախ ալ վրէժխնդիր կ՛ըլլան: Պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շէյխ Մալեք Շաար ըսաւ, թէ Թրիփոլիի բնակիչները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն բանակին,  եւ նշեց, որ Թրիփոլիի մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած դէպքերը դուրսէն ներմուծուած էին` քաղաքին մէջ անապահովութիւն տարածելու նպատակով:

Նախորդը

Խմբագրական. Արագ Վերականգնումի Արձանագրած Ցուցանիշները

Յաջորդը

Նահատակ Ֆարհաթի Յուղարկաւորութիւնը` Պարաաշիթի Մէջ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.