Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մեծ Նպատակի Կենսագործման Ուղիները

May 28, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter
(Ազատ, Անկախ Եւ Միացեալ Հայաստանի
Յայտարարութեան 100-ամեակին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակի խուրհուրդը այս տարի կը կեդրոնանայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ազգային-քաղաքական առաջադրանքի բանաձեւման վրայ: Հարիւր տարի առաջ, ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը կ՛որոշէր համազգային նպատակը` համահայկական գաղափարախօսական առանցքի ճշդումով:

Ամբողջական հայրենիքի կերտման այս առաջադրանքին նկատմամբ տասնամեակներ շարունակ կիրարկուեցաւ խիստ քաղաքականացուած  մօտեցում: Հայրենիքի խորհրդայնացումը հարուածեց նպատակի համահայկականացման հոլովոյթը: Ազգային տրամաբանութեամբ դժուար պիտի  ըլլար պատկերացնել նման առաջադրանքի մերժումն ու անոր նկատմամբ ընդդիմախօսութիւն ծաւալելը: Ազատութիւնը սակայն պիտի ընկալուէր իբրեւ համայնավարական միակուսակցականութեան կամ միակարծութեան դէմ շարժում, անկախութիւնը` Խորհրդային Միութենէն անջատուելու տրամադրութիւն, իսկ միացեալը` Խորհրդային Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու շրջանցումով, թշնամական տրամադրութիւններու ալիքաւորման փորձեր:

Արդարութեան հաշուոյն պէտք է արձանագրել նաեւ, որ նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ, խորհրդահայ վարիչներ եւ որոշակի մտաւորականութիւն հիմնովին սատարեցին Ցեղասպանութեան հիմնահարցի բարձրացման եւ անկէ անդին` Թուրքիոյ հետ տարածքային խնդիրներու պետական փաստաթուղթերու ամրագրման դժուար աշխատանքին:

Կը թուէր, որ վերանկախացումէն ետք ազատութեան եւ հայրենիքի վերամիաւորման առաջադրանքներով արագ անցում պիտի կատարուէր դէպի նպատակի համահայկականացում: Համահայկական առաջադրանքի ռահվիրայ ուժը շատ արագ պիտի ենթարկուէր բռնութեան. քաղաքացիական ազատութեան արժէքները խիստ հարցական պիտի դառնային անկախ Հայաստանի առաջին վարչակարգի օրերուն: Ստուերոտ հատուածի մէջ կը մնար նաեւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը, ո՛չ միայն Թուրքիայէն տարածքային խնդիրներ չարծարծելու ծայրայեղ զգուշաւորութեամբ, այլեւ նոյնիսկ Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջադրանքին մեր պետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս մղումով: Այստեղ ալ պէտք է նկատել, որ Արցախի վերակցման պահանջներու առաջին շրջանը էապէս կը տեղաւորուի միացեալ Հայաստանի գաղափարին մէջ` իբրեւ  հայրենիքի տեսլականի առաջին փուլ:

Հետագային, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ վերադարձով նպատակի վերաամրագրման հիմերը տեսանելի կը դառնային: Պարզ էր, որ Թուրքիոյ հետ տարածքային խնդիրներ ուղղակի արծարծելը ակնկալելի պիտի չըլլար պետական մտածողութեամբ: Անհրաժեշտ էր սակայն այդ տեսլականի իրաւական արգելակումին առաջնորդող ճամբաներուն չներքաշուիլը: Այլ խօսքով` Երեւան-Անգարա արձանագրութիւնները մերժելը կամ անոնց չեղեալ յայտարարման համար պայքարիլը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրը այժմէական նշանակութիւն ունեցող շեշտերով յղում կ՛ընէր Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին: Պետական ատեաններէ տարբեր առիթներու բարձրաձայնումներ կը կատարուէին հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ Ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներու վերացման անհրաժեշտութեան: Տակաւի՛ն. բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կ՛ընդգծէին Հայաստանի Հանրապետութեան կորսնցուցած տարածքներու վերատիրացման աշխատանքին ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Սահմանադրական դատարանի նախագահին գլխաւորութեամբ յանձնարարական կը կատարուէր հատուցման ամբողջական իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան:

Նպատակի վերապետականացման  ուղղութեամբ առնուած կարեւորագոյն քայլեր էին նշուածները: Այդ երթի ճամբաներու հարթման համար  եւ մանաւանդ իբրեւ իրաւաժառանգորդ Հայաստանի Հանրապետութեան յայտարարած համազգային տեսլականին ընդառաջ աշխատելու` միացեալի չափ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն անշուշտ առաջին երկու նպատակակէտները:

Այս պատճառներով ալ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը աշխարհաքաղաքական բարդ, յարափոփոխ պայմաններու մէջ պիտի շարունակէ հաւասարակշիռ, փոխլրացուցիչ վարքագիծը` առաւելագոյն անվտանգութիւնը ապահովելու համար անկախութեան:

Իրաւական պետութիւն ստեղծելու յայտարարուած առաջադրանքի կենսագործման համար լիակատար յարգէ մարդու, քաղաքացիի բոլոր իրաւունքները:

Եւ իբրեւ առաջին հանգրուանի առաջին փուլ` համախմբէ համահայկական ներուժը` նպատակաուղղուած աշխատանք իրականացնելու համար Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ:

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալած Է ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.