Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ԴԷՄ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ԻՐԱՐ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԵՆ

December 20, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու բարեփոխումներու իրականացման դիտորդական խումբի նիստին ժամանակ յայտնած է, որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը պիտի վտանգէ այդ երկրին մէջ խօսքի ազատութիւնը:

«Նախ եւ առաջ անոր դէմ պէտք է արտայայտուի Ֆրանսայի հասարակութիւնը, պէտք է բողոքէ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակել ուզողներուն դէմ: Քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է միջոցներու ձեռնարկէ: Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը դէմ առ դէմ կանգնած է ոչ թէ ծերակոյտին, այլ հասարակութեան հետ: Եւրոպայի սրտին մէջ նման օրէնքի գոյութիւնը զայն պիտի վերադարձնէ միջնադար», ըսած է Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին անդրադառնալով վերոնշեալ օրինագիծի հարցին յայտնած է. «Եթէ այդ օրէնքը որդեգրուի, ապա Սարքոզի պատմութեան առջեւ եւ Ֆրանսայի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման համար պատասխանատուութիւն պիտի կրէ: Հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնայ, որ Սարքոզի այդ օրինագիծը քննարկման դնելով, մտածած է ոչ թէ Ֆրանսայի շահերուն, այլ իր կուսակցութեան նեղ շահերուն մասին»:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահը աւելցուցած է, որ Թուրքիա այն երկիրը չէ, որ «կրնայ այս կամ այն երկրին մէջ նախընտրական քննարկումներու առարկայ դառնալ»:

Ան ընդգծած է, որ «Թուրքիան ուժեղ երկիր է եւ կրնայ ինքզինք պաշտպանել: Պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ, թէ ո՛ր կողմը պիտի տուժէ այդ օրինագիծին որդեգրումէն եւ, անպայման ատիկա Թուրքիան պիտի չըլլայ»:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հարցին անդրադարձած էր նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ յայտարարած էր, որ այդ օրինագիծը ուղղուած է Թուրքիոյ պետութեան, թուրք ժողովուրդին եւ Ֆրանսայի թրքական համայնքին դէմ: Ան Սարքոզիին ուղղուած իր նամակին մէջ զգուշացուցած էր այդ օրինագիծին թուրք-ֆրանսական քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն վրայ ունենալիք «ծանր» հետեւանքներէն` աւելցնելով, որ «ատոր պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ այդ քայլին նախաձեռնողներուն վրայ է»:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Յաջորդը

ՊՈՒՐՃՈՒՕՂԼՈՒ ԱՐԴԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՏՈՄՍԸ ԳՆԵՑ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.