Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Անգարային Երկու Շաբաթ Տուած Է` «Էս-400»-ներու Մատակարարման Գործարքը Ջնջելու

May 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն Անգարային երկու շաբաթ ժամանակ տուած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումէն հրաժարելու: Ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին այս մասին փոխանցած են քաջատեղեակ աղբիւրներ:

Ըստ տեղեկութեան, Թուրքիան երկու շաբթուան ընթացքին` «յունիսի առաջին շաբթուան աւարտին», պէտք է չեղեալ յայտարարէ Ռուսիոյ հետ միլիառաւոր տոլարներ արժող գործարքը եւ գնէ ամերիկեան հակաօդային պաշտպանութեան «Փաթրիոթ» համակարգեր:

Աղբիւրները կը նշեն, որ եթէ Անգարան Ուաշինկթընի պայմաններուն չհամաձայնի, ապա դուրս պիտի մղուի ամերիկեան զինուորական արդիւնաբերութեան «Լաքհիտ Մարթին» ընկերութեան այն ծրագիրէն, ըստ որուն, Թուրքիան Միացեալ Նահանգներէն պէտք է հարիւր «Էֆ-35» հինգերորդ սերունդի հալածիչներ ստանայ:

Բացի ատկէ, վերջնագիրը մերժելու պարագային Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկուին, պիտի չուշանայ նաեւ ՕԹԱՆ-ի «արձագանգը»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման գործարքը կատարուած է: Մենք Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն կնքեցինք եւ հոյակապ յարաբերութիւններ ունինք»:

Աքար նաեւ ըսաւ, որ Ֆրանսան առաջարկած է ժամանակաւորապէս «ՍԱՄՓ-ԹԷ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր տեղակայել Թուրքիոյ մէջ:

«Մենք որոշակի փուլի հասած ենք այդ թեմային վերաբերող բանակցութիւններուն մէջ: Անոնք առաջարկած են «ՍԱՄՓ-ԹԷ» համակարգեր տեղակայել Թուրքիոյ մէջ: Մենք կը շարունակենք այդ ուղղութեամբ աշխատանքը», յայտնեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Եթէ Սուրիական Վարչակարգը Քիմիական Զէնք Օգտագործած Ըլլայ, Պիտի Հակադարձենք»

Յաջորդը

Փենթակոն. «Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ Զսպել Իրանը, Եւ Ոչ Թէ Անոր Դէմ Պատերազմ Մղել»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.