Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Կ՛աւարտէ Պետական Ամավարկի Քննարկումը

May 21, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին գումարած նիստին ընթացքին շարունակեց քննարկել 2019-ի պետական ամավարկը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը այսօր պիտի աւարտէ պետական ամավարկի քննարկումը:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ երեսփոխաններու եւ նախարարներու ամսական աշխատավարձերը կրճատելու հաւանականութիւնը` աւելցնելով, որ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձին մասին քննարկում չէ կատարուած:

Ժարրահ յայտնեց, որ պետական ամավարկին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը 7,6 առ հարիւր է:

Միւս կողմէ, սակայն, Հանգստեան կոչուած բանակայիններու եւ նահատակ բանակայիններու զաւակներու համակարգումի խորհուրդին կոչին ընդառաջելով, մեծ թիւով հանգստեան կոչուած բանակայիններ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ գործադրեցին բողոքի նստացոյց մը, որ դժբախտաբար վերածուեցաւ անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումի, որուն պատճառով վիրաւորուեցաւ եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ նախկին բանակային մը:

Իսկ ուրիշ բանակային մը փորձեց ինքզինք հրկիզել` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, սակայն անոր քայլը հակակշիռի տակ առնուեցաւ:

Պէտք է աւելցնել, որ Հանգստեան կոչուած բանակայինները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար հինգ անդամներէ, հանդիպում մը պահանջեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի հետ, ապա այդ պահանջը վերածուեցաւ ամբողջ կառավարութեան հետ հանդիպումի, ինչ որ պատճառ դարձաւ կացութեան սրումին:

Բանակցութիւններու շնորհիւ հինգ անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը մուտք գործեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պու Սաապի հետ:

Հանդիպումէն ետք պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, որ ինք լսած է պատուիրակութեան պահանջները` աւելցնելով, որ անոնց մտահոգութիւնները անտեղի են, որովհետեւ զանոնք մտահոգող հարցերուն շուրջ ոչ մէկ քննարկում կատարուած է:

Ան ցաւ յայտնեց, որ ոմանք կը շարունակեն անիւներ հրկիզել` աղաւաղելով ցուցարարներուն արժանապատուութիւնը: «Հանգստեան կոչուած բանակայիններուն պահանջները արդար են, եւ իբրեւ պաշտպանութեան նախարար յանձնառու եմ անոնց իրաւունքներուն: Իմ ըսածս այն էր, թէ թիւ 3, թիւ 2 եւ թիւ 1 յօդուածներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները պէտք չէ առանձինն նախարարին վստահիլ, եւ այդ լոյսին տակ պահանջեցի Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ քննարկել զանոնք», ըսաւ Պու Սաապ` աւելցնելով, որ ինք 35 միլիառ լիբանանեան ոսկիի յաւելում մը ապահոված է պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէին` բանակայիններուն ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւն ապահովելու նպատակով:

Իր կարգին, հանգստեան կոչուած գնդապետ Սամի Ռամահ յայտնեց, որ Պու Սաապ շեշտած է, թէ բժշկական գործառնութիւններու պարագային դրոշմաթուղթերու գինէն պիտի զեղչուի երեք առ հարիւր: «Նոյնը տեղի պիտի ունենայ նահատակներուն ընտանիքներուն պարագային», ըսաւ ան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ստացաւ Իսլամական Երկիրներու Վեհաժողովին Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Յաջորդը

Դատախազութիւնը Պիտի Բողոքարկէ Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Որոշումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.