Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետքննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը երէկ խստիւ դատապարտեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ջուրերուն մօտ նաւթատար նաւերուն դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնները: Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ միջազգային ընտանիքին պաշտպանելու համաշխարհային նաւարկութեան ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան Սթոքհոլմի մէջ մասնակցեցաւ «Տագնապներու հակազդումէն դէպի խաղաղութեան կառուցում» խորագիրը կրող միջազգային խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլայի ապազինման հարցը զուտ լիբանանեան թղթածրար է եւ ուղղակիօրէն առնչուած է երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը պայքարի 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու եւ Լիբանանին նոր ապագայ մը ապահովելու համար:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ կոչ ուղղեց երկրին պետական հաստատութիւնները ոչ արդիւնաբեր` վերացական պաշտօնէութենէ մաքրագործելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան իրենց անմիջական շրջանակին մէջ մսխումն ու փտածութիւնը զսպելու եւ հաստատեց, որ միայն անիկա կատարելով երկրին տնտեսութիւնը կրնայ աճ արձանագրել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ սուրիական հոգատարութեան օրերուն տիրած փտածութեան թղթածրարը բանալու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փորձէ քաղաքական համախոհութիւնները խնայել` վաւերացնելու համար պետական ամավարկը եւ կրճատելու համար լիբանանեան պետութեան ծախսերը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը լաւ ձեւով կ՛ընթանայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մնայմնէ երէկ կոչ ուղղեց միասնականացնելու Պաղեստինեան հարցին նկատմամբ միջպաղեստինեան կեցուածքը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւել:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պէտք Է Աշխատինք Յաջողցնելու Պետական Ամավարկը` Նպատակ Ունենալով Արձանագրել Իսկական Բարեկարգումը» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.