Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Երեկոյեան Իֆթար Մը Պիտի Սարքէ Ի Պատիւ Իշխանութեան Ու Հոգեւոր Պետերուն Եւ Երկրին Հեղինակութիւններուն

May 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ռամատանի առիթով այսօր երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ պիտի սարքէ իֆթար մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի, իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետեր, նախարարներ եւ երեսփոխաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ զինուորականներ ու պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Այս առիթով նախագահ Աուն պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումներուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն մարոնի համայնքի Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով ցաւակցական հեռագիրներ ստացաւ Սէուտական

Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին եւ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ գահաժառանգ իշխանին կողմէ:

Սէուտական Արաբիոյ թագաւորն ու գահաժառանգ իշխանը խորին ցաւակցութիւններ յայտնեցին Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով եւ մխիթարութիւն մաղթեցին նախագահ Աունին:

Նշենք, որ երէկ Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն նախագահեց Գաղթող թռչուններու միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկին, որուն ընթացքին մեկնարկը կատարուեցաւ գաղթող թռչուններու յատուկ դրոշմաթուղթերու հրատարակութեան:

Այս առիթով նախագահ Աուն շեշտեց միաժամանակ շարք մը տագնապներ լուծելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ կարեւոր եւ անկարեւոր հարցեր չկան: Ան ընդգծեց առողջ կենսոլորտ ունենալու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա պերճանք չէ, այլ` անհրաժեշտութիւն:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ կրթական ծրագիրները ընդգրկեն կենսոլորտը առողջ պահելու կարեւորութեան մասին դասեր եւ ցուցմունքներ, որպէսզի աշակերտները փոքր տարիքէն սորվին այդ մասին եւ իմանան կենսոլորտը մաքուր պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ մաքուր եւ առողջ կենսոլորտը իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն է, եւ այս ձեռնարկին ընդմէջէն կը հաստատենք մեր յանձնառութիւնը` գաղթող թռչուններուն համար Լիբանանը ապահով անցք դարձնելու:

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. Սֆէյր Պատրիարքի Վախճանումին Առիթով Ցաւակցութիւնները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Այլ Նիստ Մը, Իսկ Հանգստեան Կոչուած Զինուորականները Որոշեցին Առկախել Իրենց Բողոքի Ցոյցերը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.