Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառուցողական Բանակցութիւններու Սկսելու Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար

May 13, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքու Երեւանին կոչ կ՛ուղղէ ղարաբաղեան տագնապի շուտափոյթ լուծման համար կառուցողական բանակցութիւններու սկսելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով 25 տարի առաջ կնքուած զինադադարի համաձայնագիրին, յայտարարած է. «Հայաստան պէտք է հրաժարի իր ժողովուրդն ու միջազգային ընտանիքը խաբելու փորձերէն, դադրեցնէ նախայարձակումի եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը, հետեւի իր միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ կառուցողական ձեւով մասնակցի բանակցային հոլովոյթին` տագնապին արագ լուծման համար»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ անհրաժեշտ է ապահովել «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բռնի գաղթածներու վերադարձը իրենց տուներ, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական շրջան եղող Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ազրպէյճանցի համայնքներու խաղաղ գոյակցութիւնը»:

«Ատիկա պիտի դառնայ հիմք` Հայաստանի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններու վերականգնման եւ շրջանի տեւական խաղաղութեան, անվտանգութեան ու զարգացման համար», յայտարարած է նախարարութիւնը:

Ազրպէյճանական կողմը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ զինադուլի դրութիւնը կը նշանակէ որեւէ տեսակի զինուորական գործողութեան դադրեցում: «Այսինքն, ատիկա ո՛չ միայն զինադուլ է, այլ նաեւ զինուորական ուժերու դուրս բերումը տագնապի գօտիէն», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ափսոսանք յայտնելով, որ Երեւան կը մերժէ բովանդակային բանակցութիւնները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ազգային Հաշտութեան Եւ Համերաշխութեան Պատրիարքը Վախճանեցաւ

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «2016-ին Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Պէտք Է Կեանքի Կոչուին»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.