Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Համաեւրոպական Խորհրդաժողովով` Աթէնքի Մէջ

May 13, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան հիւրընկալութեամբ, 10-էն 12 մայիս, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համաեւրոպական խորհրդաժողովը:

10 մայիսին Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն աւելի քան 30 դաշնակցական երիտասարդներ հասան Աթէնք: Ժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու անդամներ` Հայաստանէն, Արցախէն, Անգլիայէն, Պելճիքայէն, Հոլանտայէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն:

Խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Յունաստանի Աթէնք քաղաքի ՀՅԴ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան ատենապետ Արման Գրիգորեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յովսէփ Տէր Գէորգեան եւ Մուրատ Փափազեան:

Խորհրդաժողովը քննեց զանգուածային ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու օգտագործումը Հայ դատի եւ Արցախի ճանաչման աշխատանքներուն մէջ: Նաեւ` ներկայացուեցան ՀՅԴ մամուլի դերը, պատմութիւնն ու սկզբունքները: Աշխատանքային խումբերու նիստերուն ընթացքին, քննարկուեցան ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու դասական մամուլի իրավիճակն ու տարուած քարոզչութիւնը ընկերային ցանցերուն վրայ: Ժողովը կեդրոնացաւ թուրք-ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ հայութեան դէմ մղուող տեղեկատուական պատերազմին եւ անվտանգութեան հարցերուն վրայ:

Ժողովի աւարտին բանաձեւուեցան առաջարկներ, որոնք կը միտին երիտասարդներուն քով զարգացնել տեղեկատուական մարզին մէջ իրենց կարողութիւնները` ի սպաս Հայ դատի աշխատանքներուն:

Նախորդը

Շուշիի Ազատագրութեան 27-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Յաջորդը

Տաւուշի Մարզպետը Այցելեց Լիբանան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.