Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«2012 ԹՈՒԱԿԱՆ ԿԸ ՄՏՆԵՆՔ ՄԵԾ ԲԵՌՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

December 19, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մամլոյ ասուլիսէ պահ մը

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան` վերլուծելով անցնող 2011 թուականը, զայն բնորոշեց իբրեւ տագնապներու, չարդարացուած յոյսերու, սպասումներու, արժէքներու խաթարման ժամանակաշրջան եւ նշեց, որ «2012 թուականին կը մտնենք մեծ բեռով»: Ըստ անոր, դժուար պիտի ըլլայ խօսիլը ձեռքբերումներու մասին, եւ այս եզրակացութիւնը կատարելու պատճառը միայն այն չէ, որ ինք ընդդիմադիր կուսակցութիւն մը կը ներկայացնէ: Ան նշեց, որ 2011-ին ամբողջ քաղաքական սեւեռումը ուղղուած էր մայիս 2012-ին. նախընտրական տարի` բազմաթիւ անորոշութիւններով:

Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ ինք «տագնապներ», «անորոշութիւններ» բառերը աւելի յաճախ կ՛օգտագործէ, քանի որ երկրին մէջ գոյութիւն ունի ընկերային բեւեռուածութիւն, արտագաղթ, որ ըստ վիճակագրութեան կ՛անցնի 100 հազարի սահմանը, աղքատութեան աճ եւ անհանգիստ փողոց:

Լիլիթ Գալստեան համոզում յայտնեց, որ արտաքին ճակատին վրայ ղարաբաղեան հարցին մէջ գրեթէ տեղաշարժ տեղի չունեցաւ, բայց կարելի եղաւ պահել սթաթիւս քոն, ինչ որ յոյս կու տայ, որ յառաջիկայ բանակցային հոլովոյթներուն մէջ պիտի պահպանուի ինքնորոշման իրաւունքը: Անդրադառնալով իշխանութեան բարոյական ճգնաժամին` վերջին քառօրեային քուէարկուեցաւ կառավարութեան հրաժարականի մասին ՀՅԴ-ի հարցապնդումը, որուն քաղաքական մեծամասնութեան 100-է աւելի պատգամաւորներ ունենալու պարագային ընդամէնը 48 «դէմ»-ով վիճարկուեցաւ: Ըստ Լ. Գալստեանի, նոյնքան վտանգաւոր, գրեթէ ձախողման եզրին, իրարու տեղ քուէարկելու իբրեւ արդիւնք 66 ձայնով հաստատուեցաւ պետական պիւտճէն, ինչ որ կը խօսի նաեւ ներքին ճգնաժամի մասին:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչին հետ բանավիճող Վարդան Այվազեան մասամբ համաձայն գտնուեցաւ Լիլիթ Գալստեանի հետ. տնտեսական այն ցուցանիշները, որոնք նշուած էին կառավարութեան գործունէութեան ընթացքին, չեն կատարուած, սակայն որեւէ մէկուն միտքէն չէ անցած, որ ճգնաժամ պիտի ըլլայ: «Օրինակ` եթէ մենք ըսենք, որ ամառը լաւ պիտի ըլլայ, բայց ամառը անձրեւ գայ, մենք անձրեւին դէմ պայքարելու խնդիր չե՞նք ունենար: Կարելի չէ այսպիսի մօտեցումներով առջեւ երթալ», ըսաւ Վարդան Այվազեան, ապա աւելցուց, որ աշխարհի բոլոր երկիրներն ալ ճգնաժամով պայմանաւորուած, խնդիրներու առջեւ կանգնած են, իսկ «մենք լերան գագաթը չենք ապրիր»:

 

Նախորդը

ԸՍՏ ԱՓԱ-Ի ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ՖՐԱՆՍԱՆ ՌՈՒԱՆՏԱՅԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.