Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Շուշիի Ազատագրման Պատմակշիռ Աւանդը

May 11, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր պապեր, Շուշին ազատագրուա՛ծ է, հանգստացէ՛ք»
ԴՈՒՇՄԱՆ ՎԱՐԴԱՆ

Ազգային ազատագրական պայքարի նորօրեայ ժամանակաշրջանի բախտորոշ իրադարձութիւններէն է Շուշիի ազատագրումը, որ նոր իմաստ ներարկեց հայութեան պատմական Դատին ու վերընձիւղեց անկաշկանդ եւ անկախ ապրելու արցախահայութեան ազատաբաղձութիւնը:

Ազատագրուած Շուշին բացաւ կեանքի ճանապարհը դէպի մայր Հայաստան եւ միաժամանակ ռազմական մեր յաջողութիւններու սկիզբը դարձաւ: Շուշիով ապահովուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան կայացումն ու համալրումը:

Ռազմավարական տեսանկիւնէ դիտուած` Շուշիի մօտ տեղադրուած թշնամիի հրետանային կրակակէտերու չէզոքացումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն էր: Ստեփանակերտի ազգաբնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող առօրեայ հրթիռակոծումները կանխելու եւ պատմական Շուշին իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու նպատակով ծաւալած հայկական հակայարձակողական գործողութիւնները ոչ միայն կասեցուցին ազրպէյճանական հրթիռահրետանային գրոհները, այլեւ ճանապարհ հարթեցին Լաչինի միջանցքի ազատագրման եւ մայր հայրենիքի հետ միացման:

Շուշիի ազատագրումը յաղթանակներու եւ ընկրկումներու պատմակշիռ ուղի թեւակոխած մեր ժողովուրդին համար հանդիսացաւ բարոյահոգեբանական ներուժի լիցքաւորման առիթ, որ հայ զինուորը ի վիճակի է սեփական ուժը յենարան ունենալով` յաղթանակ կերտել:

Միաժամանակ, հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան աշխարհայեացքին մէջ ուղենիշ դարձաւ այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց ազգային անվտանգութեան համատեղ, ճկուն եւ հեռատես ռազմավարութեան մշակումով եւ իրականացումով կ՛ապահովուի հայրենի երկրի լիակատար պաշտպանուածութիւնը:

Այսօր Շուշիի տնտեսական եւ ժողովրդագրական զարգացումը արժանապատուութեան խնդիր է: Շուշիի վերաբնակեցումը, ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման հետ առընթեր` պէտք է դառնայ համայն հայութեան ուշադրութեան առարկայ, որպէսզի Շուշին վերստին դառնայ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական, մշակութային եւ գիտակրթական կեդրոն:

Հայաստանը Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է. հայրենի զոյգ պետութիւններու ազգային անվտանգութեան դաւանաբանական սկզբունքն ու կերտուածքը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ ռազմաքաղաքական կայուն եւ ամրագրուած դաշինքով եւ հայութեան ազգային շահերու խորքային աշխարհըմբռնման բնութագրիչը հանդիսացող Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան անքակտելի ու վերանորոգ զօրաշարժով:

 

Նախորդը

Կարծես Երազ Մը Ըլլար

Յաջորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Կը Մերժենք Որեւէ Զիջում

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.