Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԵՒԾՈՎԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

December 19, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հանդիպումէն պահ մը

16 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 25-րդ հանդիպումը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ կազմակերպութեան դէտի կարգավիճակ ունեցող երկիրներու եւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախարարական հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուէին առեւտուրի, փոխադրութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, գիւղատնտեսութեան, բնապահպանութեան, զբօսաշրջութեան, արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման մարզերուն մէջ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու համագործակցութեան հարցերը:

Ելոյթ ունենալով նախարարական հանդիպումին` Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան 20-ամեակի նախաշեմին կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, շրջանային յստակ ծրագիրներու պատշաճ իրականացման ուղղուած տնտեսական նոր օրակարգի ձեւաւորման եւ խթանման նշանակութիւնը:

Նախարար Նալբանդեան ողջունեց անցնող ժամանակաշրջանին կազմակերպութեան փոխադրութեան գիւղատնտեսութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարներուն կողմէ համապատասխան մարզերուն մէջ ընդունուած հռչակագիրները:

Համագործակցութեան ձեռքբերումներուն շարքին նախարար Նալբանդեան նշեց կազմակերպութեան առողջապահութեան եւ դեղագործութեան հարցերու Հայաստանի կողմէ համակարգուող աշխատանքային խմբակի ծիրին մէջ կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն մէջ առողջութեան պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան յուշագիրի նախագիծի ընդունումը, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման հարցերուն Հայաստանի կողմէ ղեկավարուող աշխատանքային խմբակին մէջ վերոյիշեալ մարզին մէջ համագործակցութիւնը խթանելու եւ նոր գործընկերներ ներգրաւելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները:

Հանդիպման իբրեւ արդիւնք կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարները ընդունեցին 80-է աւելի որոշումներ եւ առաջարկներ:

Հանդիպման աւարտին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը Ռուսիայէն փոխանցուեցաւ Սերպիոյ, որ պիտի նախագահէ կազմակերպութիւնը 2012-ի առաջին կիսուն:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԸ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԱՓԱ-Ի ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.