Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեան Մտահոգութիւն Յայտնած Է Իսրայէլի Կողմէ Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառելու Առնչութեամբ

May 6, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանն ու Իսրայէլը երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման մեծ ներուժ ունին: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին «Ճերուզալեմ փոսթ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, որ նշած է, թէ երկու երկիրներն ալ մեծ պատմութիւն ունին ու հին քաղաքակրթութիւններու կրողներ են:

«Մենք ունինք ազգային ինքնութեան ու հպարտութեան մեծ զգացում, կրնանք միասին աշխատիլ զանազան ոլորտներու մէջ», ըսած է  Մնացականեան:

Արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է Իսրայէլի կողմէ  Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքի փաստին` նշելով. «Ատիկա եղած է եւ կը մնայ մտահոգութեան լուրջ առիթ մեզի համար: Իսրայէլի զէնքի վաճառքը մեր ժողովուրդին համար մահացու միջոց է: Մենք ականատեսը եղած ենք, թէ ինչպէ՛ս այդ զէնքը կ՛օգտագործուի մեր ժողովուրդին դէմ: Մենք կը մտահոգուինք անվտանգութեան հարցով եւ բացարձակապէս վստահ ենք, որ կրնանք պաշտպանել մենք զմեզ, եւ դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ատիկա ի՛նչ կը նշանակէ: Միեւնոյն ժամանակ, մենք յանձնառու ենք զարգացնելու խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն մեր շրջանին մէջ», ըսած է նախարար Մնացականեան` ընդգծելով, որ շրջանին մէջ սպառազինութիւններու  մրցավազքը ոչ մէկ ձեւով կրնայ նպաստել խաղաղութեան ու անվտանգութեան կառուցման:

 

Նախորդը

Թշնամիի Կրակոցէն Հրազէնային Վիրաւորում Ստացած Է Պաշտպանութեան Բանակի Ժամկէտային Զինուոր

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.