Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու. Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնը Կատարեց Իր Տարեկան Ճաշկերոյթը Եւ 2018-2019 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

May 4, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի «Սուֆարա» սրահին մէջ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը կազմակերպեց իր տարեկան ճաշկերոյթը եւ 2018-2019 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրի հովանաւորութեամբ:

Անոր ներկայ գտնուեցան նախարարին ներկայացուցիչը` Նեպիլ Ֆահըտ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանահայերու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, երեսփոխաններ Շամել Ռուքոզ, Շաուքի Տաքքաշ, Զիատ Հաուաթ, Ուաժիհ Ազար, Ֆատի Սաատ, Էտի Ապի Լամաա, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սեմի Ժեմայելի ներկայացուցիչ Ֆարես Մըտաուար, նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր, «Ալֆա» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մարուան Հայեք, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Աուայտաթ, տարբեր ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներ, յատուկ հրաւիրեալներ, մարզական լրագրողներ, ինչպէս նաեւ վոլիպոլի ֆետերասիոնին անդամակցած ակումբներու ներկայացուցիչներ:

Ֆետերասիոնի հաշուապահ Ռապիհ Ֆարրաժի բարի գալուստի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ ֆետերասիոնին 2018-2019 տարեշրջանին գործունէութիւնը:

Ապա, ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա խօսք առնելով շնորհաւորեց անցնող տարեշրջանի բոլոր մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ ասիական եւ արաբական ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու ընթացքին:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի ազգային քանի մը խումբերը ամրան ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արաբական եւ ասիական ախոյեանութիւններու, այն մեծ յոյսով, որ անոնք յաջողին բարձր պահել Լիբանանի անունը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր ախոյեան հանդիսացողներուն, ինչպէս նաեւ տրուեցան յատուկ յուշանուէրներ` տարբեր անձնաւորութիւններու եւ անցեալի վոլիպոլ խաղացողներու, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

PROFOTO

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Յաջորդը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 63-39

RelatedPosts

Նոր Մարզաձեւ` Հայաստանի  Հաշմանդամ Մարզիկներուն
Մարզական

Նոր Մարզաձեւ` Հայաստանի Հաշմանդամ Մարզիկներուն

November 3, 2026
Նշանառութիւն.  Տոհայի Մէջ Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Նշանառութիւն. Տոհայի Մէջ Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

November 3, 2026
Թենիս.  Ալինա Չարայեւա Շահեցաւ Քուրմայորի Թենիսի Մրցաշարքը
Մարզական

Թենիս. Ալինա Չարայեւա Շահեցաւ Քուրմայորի Թենիսի Մրցաշարքը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.