Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ազրպէյճանական Կողմին Կոչ Կ՛ուղղէ Չսրելու Իրադրութիւնը Եւ Կը Դիմէ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն

May 4, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին շրջանին Արցախի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի զանազան հատուածներուն մէջ կը նկատուի թշնամիի գործողութիւններու աճ, որոնք կը դրսեւորուին ճարտարապետական-ամրաշինական մեծածաւալ աշխատանքներու եւ զինադադարի պահպանման դրութեան խախտումներու տեսքով, երէկ հաղորդած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Յատկանշական է, որ ազրպէյճանական կողմը պարբերաբար կրակային խոցման թիրախ կ՛ընտրէ ո՛չ միայն պաշտպանութեան բանակի առաջնային դիրքերը, այլեւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող հայկական անձնակազմի թիկունքային ապահովման շարժական դիրքերը: Յատկապէս` ազրպէյճանական զինուժը բոլորովին վերջերս «ՍՎԴ» տիպի արձակազէն հրացաններէ կրակ բացած է պաշտպանութեան բանակի արեւելեան (Ակնա) հատուածին մէջ  տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն հացի մեքենային (ինքնաշարժ) ուղղութեամբ` վնասելով թափքը, իսկ միայն 2-էն 3 մայիս լուսցող գիշերուան ընթացքին բանակի հիւսիսարեւելեան (Մատաղիսի) հատուածին մէջ գտնուող մարտական դիրքերու ուղղութեամբ մեծ տրամաչափի արձակազէն զինատեսակներէն, գնդացիրներէ ու ինքնաձիգերէ արձակուած է շուրջ 330 կրակոց», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ վերոնշեալ փաստին վերաբերեալ` միաժամանակ կոչ ուղղելով ազրպէյճանական կողմին «ձեռնպահ մնալու իրադրութիւնը արհեստականօրէն սրելու անհեռանկար մարտավարութենէ»:

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդի Նիստին Հայաստանի Ներկայացուցիչը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Նախագահին Յայտարարութիւնները

Յաջորդը

Տօնոյեան Եւ Քասփրչիք Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Տիրող Իրավիճակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.